Երեքշաբթի, 20. 05. 2025

spot_img

Լաւրով Յաջորդ Շաբաթ Պիտի Այցելէ Երեւան եւ Պաքու

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնած է, որ մտադիր է յաջորդ շաբթուան սկիզբը այցելել Հայաստան եւ Ատրպէյճան, կը հաղորդէ «ԹԱՍՍ»-ը:

«Յաջորդ շաբթուան ճիշդ սկիզբը ծրագրած եմ իմ այցելութիւններս Երեւան եւ Պաքու: Նախ եւ առաջ, այդ այցելութիւնները նախատեսուած է իրականացնել Ռուսիոյ եւ համապատասխանաբար Հայաստանի ու Ատրպէյճանի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25-ամեակին ընդառաջ»,- ըսած է ան:

«Օրակարգի վրայ պիտի ներառուին այդ երկիրներէն իւրաքանչիւրին հետ երկկողմանի յարաբերութիւններու հարցերը: Պիտի խօսինք շրջանային եւ միջազգային խնդիրներու շուրջ,  պիտի փորձենք հասկնալ, թէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու վերջին հանդիպումէն ետք ղարաբաղեան տագնապի լուծման ջանքերուն ծիրին մէջ ո՛ր փուլին մէջ կը գտնուինք»,- յայտնած է Լաւրով:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին