Գերմանիոյ մէջ գործող «Վտանգուած ժողովուրդներ» իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը կը պահանջէ գերմանական քաղաքներու մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան եւ այլ քրիստոնեայ փոքրամանսութիւններու զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշարձաններ կանգնեցնել:
«Էրմենիհապեր»-ի փոխանցմամբ, իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը պահանջ ներկայացուցած է Գերմանիոյ քաղաքներու աւագաժողովին: Պահանջ-նամակը փոխանցուած է Քոնկրեսի նախագահ Եւա Լոհսէին:
«Վտանգուած ժողովուրդներ» կազմակերպութեան ներկայացուցիչ Քեմալ Սիտոն նշած է, որ Գերմանիա տեղեակ եղած է Օսմանեան Կայսրութեան կողմէ իրագործուող կոտորածներու մասին:
«Այդ իսկ պատճառով շատ կարեւոր է ջանքեր գործադրէ, որպէսզի այստեղ ապրող հայերուն եւ միւս տուժած ժողովուրդներու ներկայացուցիչներուն թոյլ չտանք, որ մոռնան կատարուածը եւ վայր մը յատկացնենք, ուր յարգանքի տուրք պիտի մատուցեն զոհերուն»:
Կազմակերպութեան յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ Օսմանեան Կայսրութիւնը, բացի հայերու ցեղասպանութենէն, իրականացուցած է նաեւ այլ քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններու կոտորածներ, որոնց զոհ դարձած են մօտ 1.5 միլիոն մարդ: