Վարչապետ Կարէն Կարապետեանի գրասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ 2018-ին Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք 3 մեծ իրադարձութիւններուն՝ Ֆրանսախօս երկիրներու վեհաժողովի, Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Մայիսեան հերոսամարտերու 100-ամեակի եւ Երեւանի հիմնադրման 2800-ամեակի նախապատրաստական աշխատանքներու վերաբերեալ խորհրդակցութիւն:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալբանդեան զեկուցում ներկայացուց Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան 17-րդ վեհաժողովի նախապատրաստման եւ կազմակերպման վերաբերեալ: Երեւանի քաղաքապետի տեղակալ Արամ Սուքիասեան ներկայացուց մայրաքաղաքի հիմնադրման 2800-ամեակի շրջագիծին մէջ նախատեսուող ձեռնարկները եւ նախապատրաստական աշխատանքներուն ընթացքը: Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան աշխատակազմի ղեկավար Վահէ Ստեփանեան, իր կարգին, զեկուցեց Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Մայիսեան հերոսամարտերու 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու նախապատրաստական աշխատանքներուն մասին: Քննարկուեցան զանազան կազմակերպչական հարցեր եւ առաջարկներ:
Վարչապետը ընդգծելով 2018-ին Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք այս երեք մեծ իրադարձութիւններուն կարեւորութիւնը՝ շեշտեց, որ անոնք պէտք է կազմակերպուին բարձր մակարդակով: Անդրադառնալով Ֆրանսախօս երկիրներու վեհաժողովին՝ վարչապետ Կարէն Կարապետեան յանձնարարեց շահագրգիռ նախարարութիւններուն ըլլալ աշխոյժ եւ պատասխանատու ընդհանուր կազմակերպչական աշխատանքներուն մէջ:
«Իւրաքանչիւրը իր գործով պէտք է ներգրաւուած ըլլայ կազմակերպչական բոլոր հոլովոյթներուն մէջ, եւ համապատասխան աշխատանքային խումբերը պէտք է կանոնաւոր, առարկայական եւ համակարգուած աշխատին այդ ուղղութեամբ», ըսաւ կառավարութեան ղեկավարը:
Վարչապետը յանձնարարեց մէկ շաբթուան ընթացքին ամփոփել 3 իրադարձութիւններուն վերաբերեալ առաջարկները, յստակացնել նախատեսուող աշխատանքները եւ ներկայացնել յստակ ծրագիրներ: