Ազգային միասնականութիւնը, համերաշխութիւնը եւ համակեցութիւնը հարազատ գաղափարներ են ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ականներուն համար:
Չորրորդ տարին ըլլալով ՀԲԸՄ-ՀԵԸ իբրեւ գործընկեր կը հրաւիրուի Պէյրութի Մարաթոնին նախապատրաստական եւ կազմակերպչական աշխատանքներուն: ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ը կը հանդիսանայ Պէյրութի Մարաթոնի նախապատրաստութիւններուն եւ կազմակերպչական աշխատանքներուն կամաւորապէս մասնակցող հայկական առաջին կազմակերպութիւնը:
Այս տարիեւս, հարիւրէ աւելի ՀԲԸՄ- ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի եւ Անդրանիկ Սեւանի սկաուտական շարժումի կազմերը իրենց գնահատելի մասնակցութիւնը բերին Պէյրութի Մարաթոնինյաջողութեան: Մարաթոնի աւատին, անոր կազմակերպիչները գնահատեցին ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի հետեւողական, բծախնդիր եւ կամաւոր մասնակցութիւնը :
Այս նպատակով, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս եւ ՀԲԸՄ- ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւան սկաուտական շարժումներու բոլոր մասնակիցները, Շաբաթ երեկոյեան համախմբուեցան ՀԲԸՄ Տեմիրճեան կեդրոնը: Անոնք միասնաբար ընթրեցին, կանուխ քնացան, նկատի ունենալով յաջորդ՝ Կիրակի օրուան պարտականութիւնները:
Առաւօտեան ժամը 4-ին, նախաճաշէն ետք, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի սկաուտները երեք օթոպիւսներով ուղղուեցան մայրաքաղաքի կեդրոնը: Օթոպիւսերուն վրայ կը ծածանէին ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի դրօշները: Տղաքը դիրք բռնեցին մրցավազքի «ֆինիշ լայն»ին երկու կողմերը, ուղեցոյց դառնալովվազորդներուն,իսկ աղջիկները երկու խմբակներու բաժնուելով, ստանձնեցին տարբեր պարտականութիւներ՝մասնակիցներուն հայթայթելով ջուր, սննդանիւթ եւ մետալներու յանձնում յաղթողներուն:
ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Անդրանիկ եւ ՀԲԸՄ- ՀԵԸ Սեւան սկաուտական շարժումները իրենց օրինակելի աշխատանքով մասնակից դարձան ազգային համերաշխութեան եւ միասնականութեան նուիրուած Մարաթոնին:
ՀԵԸ-Ի ՄԱՄԼՈՅ ԵՒ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ