Կոմիտասի եւ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 150-ամեայ յոբելեանները ընդգրկուած են ԵՈՆԵՍՔՕ-ի Հռչակաւոր մարդոց եւ կարեւոր իրադարձութիւններու 2018-2019 թուականներու Օրացոյցին վրայ:
Արտաքին գործոց նախարարութենէն կը յայտնեն, որ որոշումը ընդունուած է Փարիզի մէջ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կեդրոնատեղիին մէջ ընթացող կազմակերպութեան Գլխաւոր համաժողովի 39-րդ նստաշրջանի ընթացքին:
Հայաստանի կողմէ Ֆրանսայի ու Գերմանիոյ աջակցութեամբ ներկայացուած «Երգահան, ժողովրդական երաժշտագէտ, բանահաւաք, երգիչ Սողոմոն Սողոմոնեանի, յայտնի որպէս` Կոմիտաս վարդապետի (1869-1935 թթ.) ծննդեան 150-ամեակը», եւ Վրաստանի ու Ռուսիոյ աջակցութեամբ ներկայացուած «Բանաստեղծ, գրող, թարգմանիչ Յովհաննէս Թումանեանի (1817-1923 թթ.) ծննդեան 150-ամեակը» խորագիրով յայտերը ստացած են Կազմակերպութեան հաւանութիւնը:
1998-էն առ այսօր Հռչակաւոր մարդոց եւ կարեւոր իրադարձութիւններու ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի օրացոյցին վրայ ներառուած է Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ ներկայացուած 23 յոբելեանական տարեթիւ:
Նախորդ երկամեակի համար հաստատուած էին ՀՀ կողմէ ներկայացուած «Ոսկան Երեւանցու տպագրութեամբ հայերէն առաջին Աստուածաշունչի (1666 թ.) 350-ամեակը» եւ «Յովհաննէս Այվազովսկիի (1817-1900 թթ.) ծննդեան 200-ամեակը» յայտերը: