Արտաքին գործոց նարարարի մամուլի խօսնակ Տիգրան Բալայեան Թուիթըրի իր էջին միջոցով տեղեկացուցած է, որ Իրանի մէջ տեղի ունեցած աւերիչ երկրաշարժին պատճառով հայեր եւ Հայաստանի քաղաքացիներ չեն տուժած:
«Ըստ Իրանի եւ Իրաքի մէջ Հայաստանի դեսպանութիւններու նախնական տուեալներուն` Իրան-իրաքեան սահմանին տեղի ունեցած երկրաշարժէն տուժածներուն մէջ Հայաստանի քաղաքացիներ եւ հայեր չկան: ՀՀ ներկայացուցչութիւնները մշտական կապի մէջ են տեղի իշխանութիւններուն հետ»,–գրած է Բալայեան: