9 Նոյեմբեր 2017-ին, Լոնտոնի St James Piccadilly
եկեղեցի-համերգասրահին մէջ, Հայ Հիմնարկը (Armenian Institute) իր հիմնադրութեան 16-ամեակը նշեց սքանչելի նուագահանդէսով մը, մասնակցութեամբ համբաւաւոր երեք հայ արուեստագէտներու, յանձինս ՝ ջութակահար Լեւոն Չիլինկիրեանի, թաւջութակահար Ալեքսանդր Չավուշեանի եւ դաշնակահար-երգահան Կարէն Յակոբեանի, որոնք թէեւ միջազգային երաժշտական շրջանակներու մէջ ծանօթ են որպէս մենակատարներ՝ այս առիթով սակայն, հանդիսատեսին ներկայացան՝ որպէս եռանուագի (trio) անդամներ : Սխալ չհասկցուելու համար մատնանշենք, որ Լեւոն Չիլինկիրեան, թէեւ որպէս մենակատար ունեցած է անհամար ելոյթներ,
1971-էն սկսեալ գլխաւորաբար նուագած է՝ իր իսկ հիմնած «Չիլինկիրեան Քառեակ»-ին հետ։
Իւրաքանչիւր արուեստագէտի կատարողական ոճն ունի իր անհատական կնիքը։ Աւելին՝ ամէն արուեստագէտ իր նուագած ստեղծագործութիւնը կ’ընկալէ ու կը մեկնաբանէ, ըստ իր հասկացողութեան եւ զգացողութեան։ Ուրեմն միշտ չէ, որ անհատապէս յաջողութեան բարձունքներ գրաւած արուեստագէտը, նոյն բարձունքին կը հասնի, երբ ելոյթ կ’ունենայ ՝ որպէս նուագախումբի մը մէկ անդամը։ Անշո՛ւշտ, Լ. Չիլինկիրեանի պարագան տարբեր է, քանի որ ան իր քառեակին հետ երկար տարիներ նուագելով՝կուտակած է հարուստ փորձառութիւն։ Անտարակոյս, այդ հանգամանքը այս նուագահանդէսին բացառիկ յաջողութեան մէջ եւս ունեցաւ իր դրական դերը։
Արդ, կրնանք անվարան հաստատել, որ նուագահանդէսի ամբողջ տեւողութեան, եռանուագի երեք անդամները ցուցաբերեցին բացառիկ հասկացողութիւն իրարու հանդէպ, ինչպես նաեւ երաժշտութեան հետ մերուելու, խնդրոյ առարկայ ստեղծագործութիւնը յաջող կատարելու բոլոր տուեալներն ու պահանջքները ներդաշնակօրէն իրար աղիւսելու հազուագիւտ ունակութիւն։Անոնք կրցան, առանց իրենց կատարողական ինքնուրոյնութեան դաւաճանելու, ստեղծել եռանուագէ մը պահանջուած ներդաշնակ միասնականութիւնը, ձայներու՝ երբեմն կրքոտ, երբեմն ալ մեղմանուշ գիրկընդխառնումէն ծնած երաժշտական առինքնող մթնոլորտը։
Յայտագիրը կը բաղկանար Joseph Haydn-ի, Առնօ Պապաճանեանի եւ Bethoven-ի դաշնամուրի համար գրուած եռանուագներէն, որոնք երեքն ալ հրաշալի ստեղագործութիւններ էին, զորս
կատարեց ճշգրիտ մեկնաբանութեամբ, հաւասրակշռուած յուզականութեամբ, անկեղծութեամբ, ապրումով եւ ՄԵԾ արուեստագէտներուն միայն յատուկ ՎԱՐՊԵՏՈՒԹԵԱՄԲ։
Հանդիսատեսը եռանուագի կատարումները
ողջունեց երկար ծափահարութիւններով, իսկ Պապաճանեանի պարագային՝ գնահատանքի փոթորկոտ բացականչութիւններով։
Այսու, կը շնորհաւորենք Հայ Հիմնարկը իր հմնադրութեան
16-րդ տարեդարձին առիթով։ Կը շնորհաւորենք նաեւ Լեւոն Չիլինկիրեան, Ալեքսանդր Չավուշեան եւ Կարէն Յակոբեան եռանուագը, որ այս առիթով իր տուած նուագահանդէսով, երաժշտասէր հանդիսատեսին պարգեւեց անսահման գոհունակութիւն: Նուագահանդէսը ճիշդ բնութագրելու համար պարտադիր է օգտագործել ՀԻԱՍՔԱՆՉ ածականը։