Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Արայիկ Յարութիւնեան Նոյեմբեր 11-ին աշխատանքային շրջայց կատարած է Քաշաթաղի շրջանի հարաւային թեւի շարք մը բնակավայրերու մէջ` մասնակցելով դպրոցական շէնքի բացման արարողութեան, ինչպէս նաեւ ծանօթանալով բնակարանաշինական աշխատանքներու ընթացքին:
Արցախի պետական նախարարի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինին փոխանցմամբ` Ա. Յարութիւնեան, նախ Մուշ համայնքին մէջ մասնակցած է նորակառոյց դպրոցական շէնքի բացման արարողութեան, ուր կը յաճախեն նաեւ հարեւան Ալաշկերտ համայնքի երեխաները: «Հայրենասէր» կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ կառուցուած դպրոցին մէջ, որ կը կրէ ապրիլեան պատերազմին նահատակուած «Մարտական խաչ» 1-ին աստիճանի ասպետ, հրամանատար Արմենակ Ուրֆանեանի անունը, կը յաճախէ շուրջ 50 աշակերտ:
Ա. Յարութիւնեան իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնած է բարերարներուն եւ «Հայրենասէր» կազմակերպութեան ծրագիրի իրականացման համար` կարեւոր համարելով բարեգործական նման նախաձեռնութիւններու դերը Արցախի զարգացման եւ մատաղ սերունդի դաստիարակութեան գործին մէջ:
«Պատահական չէ, կը կարծեմ, որ դպրոցը այսուհետեւ պիտի կրէ մերօրեայ հերոսներէն Արմենակ Ուրֆանեանի անունը: Անիկա իւրօրինակ ուղերձ է առաջին հերթին դպրոցի ուսուցչական կազմին եւ, ընդհանրապէս բոլոր մեր հայրենակիցներուն, որ մեր հերոսներուն յիշատակը պէտք է յարգենք առաջին հերթին անոնց օրինակով մեր երեխաները դաստիարակելով»,- ըսած է պետական նախարարը:
Ա. Յարութիւնեան այնուհետեւ մեկնած է Միջնաւան քաղաք եւ ծանօթացած պետական եւ «Քաշաթաղ» բարեգործական հիմնադրամի միջոցներով հայրենադարձ ընտանիքներու համար կառուցուող բազմաբնակարան շէնքի, ինչպէս նաեւ` արդէն աւարտման փուլի մէջ գտնուող համայնքային կեդրոնի ու դպրոցի մարզադահլիճի շինարարական աշխատանքներուն:
Ան Իշխանաձոր համայնքին մէջ ծանօթացած է կրկին պետական եւ «Քաշաթաղ» բարեգործական հիմնադրամի միջոցներով վերջերս շահագործման յանձնուած 11 առանձնատուներու կողքին կառուցուող 15 բնակարաններու շինարարութեան ընթացքին, որոնց շահագործումէն ետք կը նախատեսուի կառուցել եւս քանի մը տասնեակ նոր առանձնատուն: