ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան «Կրթամշակութային աջակցութիւն հայ համայնքներուն» 2017թ. ծրագիրի ծիրէն ներս երգիչներ Սոֆի Մխէյեանն ու Արսէն Սաֆարեանը համերգային շրջագայութիւններ ունեցած են Պրազիլի եւ Արժանթինի հայկական համայնքներուն մէջ:
Առաջին մասնակցութիւնն էր Պրազիլի Օզասկօ քաղաքին մէջ կայացած ամէնամեայ Հայկական մշակութային 5-րդ փառատօնին, որուն ներկայ եղած են շուրջ 500 պրազիլահայեր եւ այլազգիներ: Այնուհետեւ մեկնած են Պուէնոս Այրէս, ուր ելոյթներն ու հանդիպումները առաւել յագեցած եղած են: 600 հայ եւ օտար աշակերտներու համար համերգ կազմակերպուած է Հայ Առաքելական Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ կից գործող «Սիրանոյշ» դահլիճին մէջ, ելոյթներ ունեցած են Վիսենտէ Լոփէսի «Դերձակեան» վարժարանին մէջ, Հայ օգնութեան միութեան ծերանոցին մէջ, «Նայիրի» պարախումբի համերգին ընթացքին եւ այլն: Համերգներուն զուգահեռ` Պուէնոս Այրէսի մէջ երգիչները շարք մը հանդիպումներ ունեցած են համայնքային ներկայացուցիչներուն հետ, այցելած են համահայկական կառոյցներ, աւանդական կուսակցութիւններու գրասենեակներ եւ Սուրբ Պատարագի մասնակցած:
«Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին Սոֆի Մխէյեան նշեց, որ առաջին անգամ կ’այցելէին Պրազիլի եւ Արժանթինի հայկական համայնքներ, համերգները շատ ջերմ մթնոլորտի մէջ անցած են, ամէնուր հայկական շունչն ու ոգին թեւածած է: Անոնց յատկապէս յուզած է այն, որ մեր հայրենակիցները, Հայաստանէն հազարաւոր քիլոմեթրեր հեռու, կրցած են պահպանել հայկական ինքնութիւնն ու ազգային դիմագիծը:
«Համերգային շրջագայութիւններէն մեծ տպաւորութիւններով վերադարձած ենք, կը կարծեմ` կրցանք մեր հայրենակիցներուն ազգային տօն պարգեւել: Պրազիլի եւ Արժանթինի մէջ ապրող հայերը հետաքրքրուած են հայկական մշակոյթով, ամէն ինչ կ’ընեն Հայաստանի հետ կապը չխզելու եւ իրենց արմատներէն չհեռանալու համար: Ամենակարեւորը, որ նկատեցինք համայնքերու համախմբուածութիւնն էր»,-ըսաւ Սոֆի Մխէյեան` աւելցնելով, որ իրեն հիացուցած է հայ երիտասարդներու հայրենասիրական ոգին, որոնք ազգային, ժողովրդական կատարումներու ժամանակ խանդավառութեամբ ձայնակցած են` թէժացնելով դահլիճին մէջ տիրող բարձր տրամադրութիւնը: