Սերժ Սարգսեան Նոյեմբեր 10-ին ընդունած է Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի խորհրդարանական պատուիրակութիւնը` Արցախի ԱԺ նախագահ Աշոտ Ղուլեանի գլխաւորութեամբ:
Պատուիրակութիւնը Հայաստան ժամանած է մասնակցելու Հայաստանի եւ Արցախի Ազգային ժողովներու միջեւ համագործակցութեան միջխորհրդարանական յանձնաժողովի 12-րդ նիստին:
Ինչպէս կը տեղեկացնէ ՀՀ Նախագահի կապի վարչութիւնը, հանրապետութեան նախագահը ողջունած է պատուիրակութիւնը Հայաստանի մէջ եւ կարեւոր համարած միջխորհրդարանական սերտ շփումները հայկական երկու հանրապետութիւններուն միջեւ` ընդգծելով, որ ինչ ձեւաչափով ալ դրսեւորուի փոխգործակցութիւնը` միջխորհրդարանական համագործակցութեան յանձնաժողովի նիստեր, ԱԺ մշտական յանձնաժողովներու պարբերաբար իրականացուող համատեղ նիստեր կամ պատգամաւորական խումբերու շփումներ, ատիկա, ամէն պարագայի, լաւագոյն ձեւն է իրարու միջեւ տեղեկատուութիւն փոխանակելու եւ ընդհանուր խնդիրներու լուծման ուղղութեամբ ջանքերը համատեղելու:
«Ինծի միշտ լաւատեսութեամբ կը համակէ այն, որ հակառակ պարտադրուած պատերազմին` հակառակ սահմանագիծի վրայ առկայ, Արցախի մեր քոյրերն ու եղբայրները մեծ հաւատքով լեցուած են իրենց ապագայի նկատմամբ եւ այդ հաւատքով կ՛ամրապնդեն իրենց պետականութիւնը, կ՛աւելցնեն բարեկեցութիւնը, կը զարգացնեն ժողովրդավարութիւնը: Եւ սա բոլորիս կը համոզէ, որ ճիշդ ճամբու վրայ ենք, եւ որ մեր կամքը անբեկանելի է: Այս ճանապարհին, ի հարկէ, շատ կարեւոր հանգրուան էր ընթացիկ տարուան Փետրուար 20-ին տեղի ունեցած սահմանադրական բարեփոխումներու հանրաքուէն, որ մէկ անգամ եւս հաստատեց, որ չկայ խզուածութիւն Արցախի գործադիր ու օրէնսդիր իշխանութիւններու եւ ժողովուրդի միջեւ, իսկ սա չափազանց կարեւոր հանգամանք է մարտահրաւէրներուն դիմակայելու ընթացքին: Կը կարծեմ` ոեւէ մէկը չի կասկածիր, որ այս ուղին անցնելու ընթացքին ոչ միայն Հայաստանի Հանրապետութիւնը, ոչ միայն մեր բոլոր քաղաքացիները, այլեւ համայն հայութիւնը ձեր կողքին է եւ միշտ այդպէս պիտի ըլլայ»,- ըսած է նախագահը` ընդգծելով, որ խորհրդարանականներու քննարկումներուն արդիւնքները անհրաժեշտ է պարբերաբար հասցնել նաեւ երկու հանրապետութիւններու քաղաքացիներուն, քանի որ, ըստ նախագահ Սարգսեանի՝ մենք ամուր ենք, լաւատես ենք, հաստատակամ ենք, եթէ մեր քայլերը համահունչ են մեր ժողովուրդի ցանկութեան:
Արցախի Ազգային Ժողովի նախագահը շնորհակալութիւն յայտնած է նախագահ Սերժ Սարգսեանին հիւրընկալութեան համար` նշելով, որ ՀՀ ԱԺ-ի հետ միջխորհրդարանական համագործակցութեան նիստերու ծիրէն ներս Հանրապետութեան նախագահին մօտ աւանդաբար հիւրընկալուիլը շատ կարեւոր է խորհրդարանականներուն համար, քանի որ նման հանդիպումները լաւ հնարաւորութիւն են համագործակցութեան օրակարգէն բացի անդրադառնալու երկուստէք հետաքրքրութիւն ներկայացնող արդիական թեմաներուն, համահայկական նշանակութեան խնդիրներուն:
Ան նախագահին տեղեկացուցած է կառուցողական եւ ջերմ մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցող միջխորհրդարանական այսօրուան նիստին քննարկուող հարցերուն մասին:
«Մեր հրատապ թեմաներու շարքին է նաեւ յետսահմանադրական զարգացումները ե՛ւ Հայաստանի ե՛ւ Արցախի մէջ: Ինչպէս Դուք նշեցիք, պարո՛ն նախագահ, մենք հիմա շատ կարեւոր փուլ մտած ենք ե՛ւ Հայաստանի ե՛ւ Արցախի մէջ սահմանադրական հանրաքուէներէն ետք մեր կեանքի կարգաւորումները նոր սահմանադրութիւններով պայմանաւորելու առումով: Թէկուզ մենք տարբեր կառավարման ձեւեր ընտրած ենք, բայց այս գործընթացին մէջ ունինք շատ ընդհանրութիւններ, որովհետեւ անցած ճամբան ալ այդ մասին կը վկայէ: Կան որոշ առանձնայատկութիւններ, որոնք, ի հարկէ, մենք կը ցանկանք քննարկել մեր գործընկերներուն հետ, որոնք տեղեակ եղած են այդ գործընթացէն եւ կրնան օգտակար ըլլալ մեր օրէնսդրութիւնը հիմնական օրէնքին համապատասխանեցնելու գործին»,- ՀՀ նախագահին հետ հանդիպման ժամանակ ըսած է Արցախի ԱԺ նախագահ Աշոտ Ղուլեան: