«Հայերն այսօր»-ի տեղեկացմամբ, Նոյեմբեր 11–ին ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան եւ «Հայրենիք-Սփիւռք կեդրոն» ՊՈԱԿ-ի աշխատակիցները մասնակցած են Երեւանի մէջ իրականացուող համաքաղաքային շաբաթօրեակին:
Անոնք մաքրած ու բարեկարգած են նախարարութեան նախաձեռնութեամբ ստեղծուած Օղակաձեւ զբօսայգիի 4-րդ հատուածին մէջ գտնուող «Հայ բարերարներու ճեմուղի»-ն:
Աւելցնենք, որ համաքաղաքային շաբաթօրեակին ներգրաւած եղած են նաեւ Երեւանի քաղաքապետարանի եւ վարչական շրջաններու աշխատակազմերու, քաղաքապետարանի ենթակայութեան կառոյցներու, պետական, մասնաւոր կազմակերպութիւններու աշխատակիցներ, կրթօճախներու եւ հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ: