Կիրակի, 03. 12. 2023

spot_img

«Թէքէեան Կեդրոն» Հիմնադրամը Հերթական Անգամ Կ’իրականացնէ «Անվճար Դասագիրքեր Կարիքաւոր Երեխաներու Համար» Իր Տարեկան Նախաձեռնութիւնը

Կրթութիւնը իւրաքանչիւր քաղաքակիրթ երկրի մէջ առաջնակարգ մարզերէն մէկն է: Սակայն, ցաւօք, նիւթական խնդիրներու պատճառով շատ երեխաներ զրկուած են դպրոց յաճախելու իրենց իրաւունքէն: 2010 թուականէն սկսած բարերարներու շնորհիւ «Թէքէեան Կեդրոն» հիմնադրամը կ’իրականացնէ «Անվճար դասագիրքեր կարիքաւոր երեխաներու համար» ամէնամեայ ծրագիրը եւ կ’օժանդակէ առաւել անապահով երեխաներուն ստանալ անվճար դասագիրքեր:

Ծրագիրը կ’իրականացուի նուիրատուութիւններու շնորհիւ, որոնք մասնաւորապէս կ’ապահովուին Լոնտոնի Թէքէեան Խնամակալ Մարմինի կողմէ Անգլիոյ եւ այլ երկիրներու մէջ կազմակերպուած դրամահաւաքներու միջոցով:

2017-2018 ուսումնական տարեշրջանին «Թէքէեան Կեդրոն» հիմնադրամը 2,433 անվճար դասագիրք  տրամադրած է 190 անապահով աշակերտի՝ Երեւանէն, Կիւմրիէն, Ստեփանավանէն, Կարբի գիւղէն եւ Բերձորէն, անորմով իսկ թեթեւցնելով ընտանիքներու նիւթական մտահոգութիւնները: Իսկ ծրագրի իրականացման ութ տարիներու ընթացքին ընդհանուր առմամբ հիմնադրամը տրամադրած է շուրջ 19,000 դասագիրք 10,135,000 ՀՀ դրամ արժողութեամբ:

Հիմնադրամը նպատակ ունի ընդլայնել ծրագիրը, ուստի կը պահանջէ ու կ’ակնկալէ Հայաստանի եւ Սփիւռքի կազմակերպութիւններու եւ անհատներու տեւական համագործակցութիւնն ու օժանդակութիւնը՝ ընկերային գետնի վրայ անապահով ընտանիքներու երեխաներուն:

Նուիրատուութիւն կրնաք կատարել`

«Թեքէեան Կեդրոն» հիմնադրամ
/ՀՀ, Երեւան 0025, Խանջեան 50/
Դրամատուն` «Ամերիաբանկ» ՓԲԸ
Դրամատնային հաշիւ` 15700 22679770200 (ՀՀ դրամ)
SWIFT / BIC: ARMIAM22

«Թէքէեան Կեդրոն» հիմնադրամը կը յայտնէ իր խորին երախտագիտութիւնը բոլոր նուիրատուներուն հայ դպրոցի զարգացման եւ բարգաւաճման հայրենանուէր գործին աջակցելու համար:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին