Հինգշաբթի, 22. 05. 2025

spot_img

Զինուորական Ծառայութեան Նոր Օրինագիծին Դէմ Բողոքող Ուսանողները Մերժեցին Վարչապետին Առաջարկը

Վարչապետ Կարէն Կարապետեան երէկ ընդունած է կառավարութեան շէնքին առջեւ «Զինուորական ծառայութեան եւ զինուորի կարգավիճակի մասին» օրինագիծին դէմ բողոքի ցոյց իրականացնող ուսանողներու  ներկայացուցիչները: Հանդիպումին ներկայ եղած են նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան եւ կրթութեան ու գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան:

Ուսանողներէն Դաւիթ Պետրոսեան հանդիպումէն ետք լրագրողներուն յայտնեց, որ իրենք նախապէս այդպէս չէին պայմանաւորուած հանդիպումի ձեւաչափին մասին: Նախապէս պայմանաւորուածութիւնը եղած է հանդիպիլ միայն վարչապետին հետ, սակայն անոր հետ եղած են նաեւ պաշտպանութեան եւ կրթութեան ու գիտութեան նախարարները:

Վարչապետին եւ նախարարներուն հետ ուսանողները համաձայնութեան չեն եկած: Ուսանողները պիտի շարունակեն իրենց դասադուլը:

Ուսանողները յայտնեցին, որ վարչապետ Կարապետեան առաջարկած է գրաւոր առաջարկներ ներկայացնել օրէնքի նախագիծի ընդունումէն ետք: «Մենք կը կարծենք, որ օրէնքը այս ձեւով պէտք չէ ընդունուի, հետեւաբար կը մերժենք կառավարութեան այս առաջարկը»,- ըսին ուսանողները:

Անոնք կը պահանջեն օրէնքին մէջ զինուորական ծառայութեան համար ուսումը կասեցնելը պարտադիր դարձնելու դրոյթին վերացումը:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին