Նոյեմբեր 19-էն Դեկտեմբեր 10 Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հովանիին ներքոյ Անթիլիասի մայրավանքին մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայ գիրքի համահայկական 38-րդ ցուցահանդէսը, որուն պաշտօնական բացումը պիտի կատարէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա․ կաթողիկոսը:
Տարիներու աւանդոյթի համաձայն՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը կը շարունակէ հայ մշակոյթի պահպանման եւ հայ գիրի ու գրականութեան տարածման սրբազան առաքելութիւնը` իր սրբազան յարկին տակ հաւաքելով հայ հրատարակչատուները, հեղինակներն ու մտաւորականները, դպրոցականները, համալսարանականները եւ անհատ գրքասէրները: