Շաբաթ, 14. 09. 2024

spot_img

Քրիստոնեաները Լիբանանի մէջ Մարտահրաւէրներ Ու Հեռանկարներ Նիւթով Դասախօսութիւն Թէքէեան Կեդրոնի Յարկին Տակ` «Հայրենիքը Հողն է». Դոկտ. Եուսէֆ Սալամէ

Ուրբաթ, 10 Նոյեմբեր 2017, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, հովանաւորութեամբ ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ ՌԱԿ «Զարթօնք» ակումբի, դասախօսական երեկոյ մը տեղի ունեցաւ Թէքէեան Կեդրոնի Հրաչեայ Սեդրակեան սրահին մէջ, Ժըմմէյզի,  «Քրիստոնեաները Լիբանանի մէջ Մարտահրաւէրներ Ու Հեռանկարներ» բովանդութեամբ:

Պետական եւ քաղաքական գործիչներու, կուսակցական եւ միութենական պատասխանատուներու, մեծ թիւով ընկերներու եւ բարեկամներու ներկայութեամբ ընթացող ձեռնարկին բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՌԱԿ «Զարթօնք» ակումբի ժրաջան ատենապետ՝ ընկ. Արա Թէրզեան: Իր խօսքին մէջ ընկ. Թէրզեան համառօտ ներկայացուց օրուան բանախօս Պետական նախկին նախարար Դոկտ. Եուսէֆ Սալամէյի կենսագրական գիծերը՝ լոյս սփռելով, ի հարկէ, անոր քաղաքական եւ ընկերային աշխոյժ գործունէութեան վրայ:

Բացման խօսքէն ետք հանդէս եկաւ Ալիս Իրփաճեան, որ իր առինքնող ձայնով կատարեց Մանսուր Ռահպանիի նշանաւոր գործերէն մին ընկերակցութեամբ Կարօ Գրիգորեանի՝ դաշնամուրի վրայ, որոնք, անտարակոյս,  արժանացան ներկաներու անվերապահ գնահատանքին: Այսուհետեւ սահիկներու ցուցադրութիւն տեղի ունեցաւ, որուն շնորհիւ  մանրակրկիտ կերպով ու բնորոշ գիծերու մէջ ներկայացուեցաւ Քրիստոնէութեան մուտքը Լիբանան, ապա հակիրճ ներկայացուեցաւ Լիբանանի՝ հին ժամանակներէն սկսած մինչեւ նորագոյն ժամանակներու անցուդարձերը, հասնելով մինչեւ 1975-ի քաղաքացիական պատերազմը եւ վերջերս ապրուած ճգնաժամը:

Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ օրուան բանախօս Դոկտ. Եուսէֆ Սալամէն, որ լաւապէս բնորոշեց Լիբանանի իրավիճակը ու ան շեշտեց, որ « Հայրենիքը՝ հողն է: Մենք պէտք է հաւատքի սերմը ցանենք մեր հոգիներուն խորը, որ մենք ինքնակամ որոշեցինք մնալ այս հողերուն վրայ ինչ մարտահրաւէրներու ալ որ հանդիպինք:

Հուսկ, ներկաները առիթ ունեցան իրենց հարցադրումները ուղղելու օրուան բանախօսին, որ առանց վարանելու  անոնց հարցումներուն պատասխանեց:

Ի վերջոյ, ինչպէս սովորոյթ դարձած է, տեղի ունեցաւ կոկիկ հիւրասիրութիւն:      

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին