Նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաւէրով այսօր տիկնոջ հետ պաշտօնական այցով Հայաստանի Հանրապետութիւն ժամանած է Մոլտովայի Հանրապետութեան նախագահ Իկոր Տոտոն:
Հանրապետութեան նախագահի նստավայրին մէջ նախագահ Սերժ Սարգսեանն ու տիկին Ռիտա Սարգսեանը դիմաւորած են նախագահ Իկոր Տոտոնը եւ տիկին Կալինա Տոտոնը: Դիմաւորման պաշտօնական արարողութենէն ետք կայացած է նախագահներ Սերժ Սարգսեանի եւ Իկոր Տոտոնի առանձնազրոյցը:
Ողջունելով գործընկերը Հայաստանի մէջ` Սարգսեան նշած է, որ Մոլտովայի նախագահը ցանկալի հիւր է մեր երկրին մէջ եւ բարձր գնահատած է անոր պաշտօնական այցը, որ կը կայանայ Հայաստանի եւ Մոլտովայի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25-ամեակին:
«Ասիկա շատ լաւ առիթ է՝ վերլուծելու այն աշխատանքը, որ մենք կատարած ենք այս 25 տարիներու ընթացքին եւ նախանշելու հեռանկարները: Կ’ուզեմ շեշտել, որ մեր միջպետական յարաբերութիւնները կառուցուած են ապահովապէս ամուր հիմքերու վրայ: Ես ուղղակի վստահ եմ, որ Ձեր այցը շատ լաւ խթան պիտի հանդիսանայ մեր յարաբերութիւններու աշխուժացման: Մենք մեծապէս շահագրգռուած ենք անով, ինչպէս նաեւ ոլորտներու` քաղաքական, տնտեսական ու մարդասիրական սերտ համագործակցութեամբ: Փոխգործակցութեան որեւէ սահմանափակում չունինք ինչպէս երկկողմ, այնպէս ալ բազմակողմ ձեւաչափերու մէջ: Բարով եկած էք: Սա Ձեր առաջին պաշտօնական այցն է, եւ յոյսով եմ, որ նման այցեր կ՛ըլլան ամէն տարի»,-ըսած է Սերժ Սարգսեան:
Նախագահ Տոտոն շնորհակալութիւն յայտնած է Սերժ Սարգսեանին այս հրաւէրին համար եւ իր պաշտօնական այցը համարած պատմական` նկատի առնելով, որ երկու երկիրներու միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումէն անցած 25 տարիներու ընթացքին սա Մոլտովայի Հանրապետութեան նախագահի առաջին այցն է Հայաստան:
«Այս ընթացքին չէ եղած ո՛չ աշխատանքային, ո՛չ պաշտօնական այց, այդ իսկ պատճառով, հաշուի առնելով մեր պատմական ընդհանուր կապերը, ընդհանուր շահերը եւ՛ ԱՊՀ շրջանակներու մէջ եւ ԱՊՀ տարածքին նոր համարկումի նախագիծերուն՝ ես որոշեցի գալ: Այո՛, 25 տարիներու ընթացքին մենք շատ համաձայնագիրներ ստորագրած ենք: Ունինք տասնհինգ համաձայնագիր, այժմ եւս կը պատրաստուին եօթը: Մենք խօսելու բան ունինք, կան որոշակի արդիւնքներ, կան, ի հարկէ, հեռանկարներ: Ես յոյս ունիմ՝ Ձեզի հետ շատ մանրակրկիտ քննարկել ձեր աշխատանքի փորձը ԵԱՏՄ ծիրէն ներս: Գիտեմ, որ մօտակայ ժամանակներս կը ծրագրէք ստորագրել Եւրոմիութեան հետ համագործակցութեան մասին համաձայնագիր: Կը կարծեմ, որ այնպիսի երկիրները, ինչպիսիք են` Մոլտովան եւ Հայաստանը, դատապարտուած են լաւ յարաբերութիւններ ունենալ բոլորին հետ` ե՛ւ Արեւմուտքի, ե՛ւ Արեւելքի: Մեզի համար արդիական է ձեր փորձը ե՛ւ ԵԱՏՄ-ի մէջ գտնուելու ե՛ւ Եւրոմիութեան հետ համաձայնագիր կնքելու:
«Դուք գիտէք, որ Մոլտովայի մէջ հայկական համայնք կայ, որուն հետ մենք լաւ կը համագործակցինք: Հոն կարճ ժամանակուան ընթացքին արդէն հայերը իրենք զիրենք ապահով եւ հանգիստ կը զգան, ինչպէս իրենց տան մէջ:
«Ես կը ցանկամ Ձեզ շնորհակալութիւն յայտնել, որ առաջին անգամ շատ լուրջ քայլ կատարուած է երկկողմ յարաբերութիւնները խորացնելու համար: Նկատի ունիմ Հայաստանի դեսպանութեան բացումը Քիշնեւի մէջ անցած տարեվերջին: Եւ այս տարի մենք շատ աշխոյժ սկսանք համագործակցիլ դեսպանին հետ: Այս ամէնը ցոյց կու տայ, որ մենք յաջորդաբար կ’անցնինք մեր երկկողմ յարաբերութիւններու նոր մակարդակը»,- ըսած է Մոլտովայի նախագահ Իկոր Տոտոն: