Յայտնի դերասան Միքայէլ Պօղոսեանն ու ըմբշամարտիկ Արսէն Ջուլֆալակեանը կոչ կ՛ընեն միանալու #Բերքառատարցախ 2017-ին:
«Առօրեայի մէջ մենք յաճախ չենք հասցներ մեր գործերու շրջանակներէն դուրս գալ, օգնել մեր կողքիններուն, օգնել մեր երկրին: 8000 համարին ուղարկելով քու համարդ` կրնաս փոքր ներդրում ունենալ մեր երկրին»,- կը նշէ դերասանը:
Մարզիկ Ջուլֆալակեանը կը նշէ, որ բոլորիս ցանկութիւնն է ապրիլ աւելի բարեկարգ ու ապահովուած հայրենիքի մէջ. «Իւրաքանչիւրիս փոքր ներդրումը մեզի աւելի կը մօտեցնէ մեր երազած հայրենիքին»: