Շաբաթ, 09. 12. 2023

spot_img

Արաբական Ծոցի Աստուածաշունչի Ընկերութեան Ընդհանուր Քարտուղար Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի Հետ

Պատիւը ունեցանք «Զարթօնք»-ի խմբագրատան մէջ ընդունելու օրերս Պէյրութ գտնուող Արաբական Ծոցի Աստուածաշունչի Ընկերութեան ընդհանուր քարտուղար Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանը:

Մեր սիրելի հիւրէն իմացանք, որ ան Պէյրութ կը գտնուի իր ջանքերով իրագործուած նոր հրատարակութեան մը շնորհահանդէսին առիթով:

Մտերմիկ եւ անմիջական մթնոլորտի մէջ ընթացող հանդիպումը առիթ մըն էր՝ զրուցելու Արաբական Ծոցի մէջ աւելի եւս կազմակերպուող հայկական գաղութներուն մասին:

Այս նիւթով մեր զրուցակիցը նշեց, որ Քուէյթի մէջ հայկական մէկ վարժարան կայ եւ երկու եկեղեցի: Մինչ Արաբական Էմիրութեանց մէջ կայ շաբաթօրեայ վարժարան մը ու նաեւ եկեղեցի: Ի միջի այլոց, ան աւելցուց, որ Քուէյթի հայկական գաղութը բաւականին կազմակերպուած է: Այս աշխուժութիւնը, ընդհանուր առմամբ, կը պարտի Հալէպահայերուն, որոնցմէ շատեր հոն գացած տուն-տեղ եղած են 50-60-ական թուականներէն ի վեր:

Խօսելով շնորհանդէսի ընթացքին ներկայացուելիք հայերէն հրատարակութեան մասին՝ ան նշեց, որ անոր բնագիրը մանուկներու համար յատուկ պատրաստուած Գերմաներէն Աստուածաշունչ մըն է, որ ամբողջութեամբ Յիսուս Քրիստոսը կը ներկայացնէ: Գիրքին առանձնայատկութիւններէն են  գոյնի եւ պատկերազարդումի իւրայատուկ եւ մեղմ ոճը: Այս բանն է առաւելաբար, որ զինք  խանդավառած է, յատկապէս այս գիրքը հայերէնի թարգմանելու համար:

Դոկտ. Ճէպէճեան սյս մտայղացումը ունեցած է երկու տարի առաջ եւ վերջերս զայն հրատարակած է , որուն լոյս ընծայումը մեծ խանդավառութիւն ստեղծած է:

Մեր զրուցակիցին հետ խորանալով գիրքին բովանդակութեան մէջ՝ տեսանք, որ մանկավարժական ոճով գրուած աայս գիրքը կը սկսի Յիսուսի ծնունդէն ու կը պատմէ 140 դրուագներու մասին՝ ուղղակի առնուած   Աստուածաշունչէն: Շատ պարզ ու մատչելի լեզուով գրուած է, քանի որ մասնաւորաբար ուղղուած է 5էն  10 տարեկան մանուկներուն: Հոն իբրեւ մէկ անքակտելի ամբողջութիւն ներկայացուած է հին եւ նոր կտակարանը: Դոկտ. Ճէպէճեան կը զգայ, որ երբեմն ոմանք վերապահութեամբ կը վերաբերին հին կտակարանին հանդէպ՝ զայն համարելով հրէական քարոզչութիւն: Այս վերապահութիւնը, ըստ մեր զրուցակիցին՝ անտարակոյս սխալ է:

Գիրքի առաջին շնորհահանդէսը եղած է Քուէյթի մէջ: Այսօր՝ Ուրբաթ, 10 Նոյեմբեր 2017-ին, անոր շնորհանդէսը տեղի պիտի ունենայ Մարաշի Հայրենակցական Միութեան Տան մէջ, Պուրճ Համմուտ՝ հովանաւորութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանի:  Պուրճ Համուտի Ազգային Միացեալ Վարժարանի մէջ տեղի պիտի ունենայ նաեւ հանդիպում մը աշակերտներուն հետ գրքի ծանօթացման նպատակով:
Սուրիահայերու Օգնութեան Միութեան գործակցութեամբ, Սփիւռքի նախարարի օժանդակութեամբ շնորհահանդէս մըն ալ շուտով պիտի կազմակերպուի Երեւանի մէջ:

Ուրախութեամբ իմացանք, որ շնորհիւ Դոկտ. Ճէպէճեանի ջանքերուն եւ ազնիւ նուիրատուներու առատաձեռնութեան՝ սոյն գիրքը անվճար պիտի նուիրուի  Հայ փոքրիկներուն:

Տեղին է նշել, որ գիրքը հրատարկուած է Պէյրութ «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան մէջ: Մեր զրուցակիցը մինչեւ օրս յաջողած է անկէ արդէն 500 օրինակ ղրկել Երեւան, 500՝ Հալէպ, 150՝ Կիպրոս, 150՝ Յունաստան:

Վարձքը կատար մեր սիրելի հիւրին: 

«Խմբ.»

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին