ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Լիբանանահայ կեանքէն ներս երէկ երեկոյեան գրեթէ նոյն ժամերուն տեղի ունեցաւ նուազագոյնը 5 ձեռնարկ: 1 հատ քաղաքական բնոյթով, 3 հատ մշակութային եւ 1 ընկերային ձեռնարկ (ասոնք իմ իմացածներս են): Ան ալ ըսեմ, որ շաբթուան նախորդող օրերուն գրեթէ ձեռնարկ չկար գաղութին մէջ…:
Պատահածը՝ երեւոյթով աշխոյժ հաւաքականութեան մը պատրանքը կու տայ: Սակայն եկուր, սիրելի՛ ընթերցող, քիչ մը խորը քննարկենք իրավիճակը:
Մեր թիւը հաշուող գաղութի մը մէջ եւ աշխարհագրական նեղ շրջագիծի մը մէջ ապրող հաւաքականութեան մը հրամցուելիք՝ նոյն օրը զիրար խաչաձեւող ձեռնարկներ կազմակերպելու պարագային նայինք ի՞նչ կը պատահի.
- Պաշտօնական հիւրերուն, ինչպէս օրինակի համար ՀՀ դեսպան եւ պաշտօնակազմ, պետական եւ քաղաքական դէմքեր, ազգային պատասխանատուներ եւ այլն նեղ կացութեան մատնած կ՛ըլլանք, թէ ո՛ր ձեռնարկին պիտի ներկայ ըլլան եւ ի՛նչ պատճառաբանութեամբ միւսէն բացակային կամ ներկայ գտնուելու ի՞նչ չափանիշ ճշդեն:
- Նման ձեռնարկներով հետաքրքրուող հանդիսատեսը, որուն արդար իրաւունքն է ըմբոշխնել իր սիրած ձեռնարկը, զրկած կ՛ըլլանք բոլորին ներկայ ըլլալէ, որ եթէ տարբեր օրեր զուգադիպեր աւելի առիթը կ՛ունենար տարբեր հրաւէրներու ընդառաջելու:
- Արդէն իսկ նօսրացած թիւով մեր ձեռնարկներու ներկայութիւնը մեր խաչաձեւումներով աւելի եւս կը նoսրացնենք:
- Մեր օրաթերթերը նեղի կը մատնենք իրենց արդէն իսկ սակաւաթիւ մարդուժով գլուխ հանելու ձեռնարկներու ներկայ լրագրողներ հասցնելու եւ յաջորդ օրուան իր սուղ էջերուն մէջ տեղ տրամադրելու բոլորին, որպէսզի մէկը կամ միւսը չնեղուի: Նոյնն է պարագան գաղութին մէջ ոտքի մնացող հեռատեսիլի հայկական միակ հեռուստաժամին: Ո՞ր ձեռնարկին ի՞նչ նկարիչ հասցնէ…ան ալ իրը չեղող հեռատեսիլի կայանի մը համակարգին մէջ:
Անպատեհութիւններու շարքը շատ է, սիրելի՛ս, եւ ներէ ինծի եթէ կրկնելու գնով եւ շեշտադրուած ձեւով ըսեմ, որ իրավիճակը աշխոյժութիւն չէ, այլ անկազմակերպուածութիւն է, չըսելու համար փնթիութիւն…:
Ժամանակին մեր թերթերուն մէջ «Գրաւուած Օր» յայտարարելու սովորութիւն մը կար, որ երեւի աւանդութիւնը շարունակելու սիրոյն համար է միայն, որ կը շարունակուի այսօր եւ, ըստ երեւոյթին, ո՛չ մէկ օգուտ կը բերէ իրավիճակը կարգաւորելու:
Պիտի չուզեմ խօսիլ այն հիւանդագին երեւոյթին մասին ալ, որ շատ յաճախ խաչաձեւումը դիտաւորեալ ալ կ՛ըլլայ…:
Դաստիարակուած եմ գործնական ըլլալ: Հաւատալով, որ կարելի է խնդրոյ առարկայ կողմերու միջեւ փոքր գործակցութեամբ նուազագոյնի իջեցնել խաչաձեւումները, այսօրուան մատնանշումով միայն պիտի չբաւարարուիմ: Սոյն սիւնակով այսօր կոչ կ՛ուղղեմ վերոյիշեալ խնդիրին հետ առնչուած եւ գաղութը իրենց օգտաշատ ձեռնարկներով կենսուրախ եւ աշխոյժ պահող բոլոր կողմերուն համախմբուիլ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանին յարկին տակ Անթիլիաս, որուն դռները ինչպէս միշտ բաց են նմանօրինակ ազգօգուտ օրակարգով հանդիպման մը համար, յառաջիկայ Երեքշաբթի 21 Նոյեմբեր 2017-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, միասնաբար լուծումներ որոնելու եւ լաւագոյնին հասնելու համար:
Շուտով իւրաքանչիւր կողմին հրաւէր նամակով ալ պիտի դիմեմ համեստօրէն յիշեցնելու նշեալ հաւաքին օրն ու ժամը գործակցական ոգիով միասնաբար աշխատելու աւելի եւս կազմակերպուած ձեւով ներկայանալու համար մեր սիրելի ժողովուրդի զաւակներուն:
Շուտով կը տեսուինք: