Հինգշաբթի, 12. 09. 2024

spot_img

Տխուր Էջերը Փակելու Հրամայականը Տխուր Էջերը Փակելու Հրամայականը

ԳԷՈՐԳ ՀԱԼԷՊԼԵԱՆ

Վերջերս դարձեալ աշխուժացած են Ա. Հանրապետութեան եւ Մայիսեան հերոսամարտերու հարիւրամեակի առնչութեամբ  մերթ ընդ մերթ ապակողմնորոշող   բանակռիւները  համացանցի եւ կուսակցական շրջանակներու մէջ՝ ստեղծելով անմիտ եւ վնասակար մթնոլորտ մը։ Ինչո՞ւ եւ ի՞նչ նպատակ կը հետապնդեն՝ այս հարցը հին եւ մաշած գզրոցներէն  նորովի ներկայացնողները։ Պատճառները բազմաթիւ են, որոնց իւրաքանչիւրին անդրադառնալը երկար եւ համբերութիւն չարաշահող աշխատանք է , այնուամենայնիւ ստիպուած եմ մատնանշելու մի քանի մտորումներ յանուն պատմական ճշմարտութեան՝ գալիք սերունդներու առողջ , ճիշդ եւ անկաշկանդ դաստիարակման նպատակով։

Եւ այսպէս, յայտնի նախկին կուսակցական ղեկավար մը անխոնջ վրէժխնդրութեամբ  հին եւ ցաւոտ էջեր վերանորոգելու փութկոտութեամբ, սկսած է անհեթեթ միտք մը հրապարակ նետել եւ ապարդիւն ճիգով մը կը փորձէ Մայիս 28-ն եւ Մայիսեան հերոսամարտերը իրարմէ տարանջատել։ Իրականութեան մէջ առաջինը երկրորդին տրամաբանական շարունակութիւնն ու ռազմավարական վերջնական յաղթանակն էր։  Նախկին այս ղեկավարին այսպիսի սին եւ անհիմն փորձերը ինչքան ծիծաղելի են, նոյնքան եւ ապակողմնորոշող եւ ապազգային։ Ապա նաեւ ուրիշ անհեթեթութիւն մը հրապարակ կը նետէ՝ յամառօրէն պնդելով, որ «Մայիս 28-ն մեզ պարտադրուած էր Թուրքիոյ կողմէ»: Ինչո՞ւ ապազգային եւ բովանդակութենէ զուրկ են այս միտքերը։

Նախ՝ իբրեւ ազգային կուսակցութեան մը նախկին ղեկավարը, ինք քաջատեղեակ եւ լիարժէք կերպով տիրապետած պէտք էր ըլլար հայոց Ազգային Գաղափարախօսութեան հիմնադրոյթներուն գոնէ հիմնական նպատակին ՝ Հայոց անկախ պետականութեան իրականացման մասին։Երկրորդ, եթէ Մայիս 28-ն չհռչակուէր, ապա ո՞րն էր բազմահարիւր ազատամարտիկներու եւ ժողովուրդի թափած արեան գինը Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսայի մէջ, եթէ ոչ հայ ժողովուրդի ազատ, անկախ եւ ինքնիշխան ապրելու դարերէն եկող երազը։Վերոնշեալ ղեկավարին միտքերը կը նսեմացնեն եւ կ՝արժեքազրկեն հայ ժողովուրդի անպարտելի կորովի եւ մարտունակութեան ոգիի դրսեւորումով իրականութիւն դարձած անկախ հայրենիքը, եւ հետեւաբար հաստատօրէն կարելի է արձանագրել, որ մենք վաստակած ենք Մայիս 28-ն մեր արեան գինով եւ այն մեզ «պարտադրուած» պէտք չէ համարել։։ Նաեւ ցաւալին այն է, որ այսպիսի նախկին ղեկավարներ գիտակցաբար կ՝անտեսեն իրենց պատկանած կուսակցութեան (ՌԱԿ-ի) հիմնադրման կարեւորագոյն հիմնասիւներէն ՝ Հայ Ժողովրդական կուսակցութեան Ա. Հանրապետութեան, Ա. կառավարութեան եւ խորհրդարանի մէջ կարեւոր դերին մասին։

Որպէս վերջաբան՝ պէտք է աւելցնեմ, որ նախկին ղեկավարներու հին վէրքեր  (անոնցմով սնուելու եւ իրենց իմաստազուրկ գոյութիւնը պահպանելու) վերանորոգելու, սին եւ կործանարար մտամարզանքներու դարաշրջանը աւարտած պէտք է նկատել։

Նոր դարաշրջան է։ Հայրենիքի առջեւ ծառացած են ներքին եւ արտաքին մարտահրաւէրներ։ Այսօր  աշխարհաքաղաքական եւ աշխարհատնտեսական բարդ իրավիճակներ են Հայաստանի շուրջը։ Աչալուրջ ըլլանք եւ չմոլորուինք՝ հին, տխուր, անպտուղ բանավէճեր վերանորոգելով։

Աջակցինք մեր հայրենիքի քաղաքական, տնտեսական, ժողովրդագրական եւ ռազմական հզօրացման գործին։ Այս է այսօրուան հրամայականը։

ԳԷՈՐԳ ՀԱԼԷՊԼԵԱՆ

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին