Երեւանի Կեդրոն վարչական շրջանը կը յայտարարէ Ղափամայի օր: Պիտի Իրականացուի հայկական աւանդական ուտեստի` Ղափամայի պատրաստութեան մրցոյթ:
Նախաձեռնութիւնը տեղի պիտի ունենայ Նոյեմբեր 7-ին, ժամը 15:00-ին Վերնիսաժի կեդրոնական ցայտաղբիւրին մօտ:
Փափաքողները կրնան դիմել եւ մասնակցիլ Ղափամայի մրցոյթին հետեւեալ մրցանակային անուանակարգերուն մէջ. ամենահետաքրքրական սեղան, ամենաիւրօրինակ ձեւաւորուած Ղափամայ, ամենամեծ Ղափամայ:
Ձեռնարկին համերգային ելոյթներով հանդէս պիտի գան երգի ու պարի համոյթներ: