Շրջանէ մը ի վեր իր օրինապահ ուղիէն շեղած՝ Յունաստան հրատարկուող «Նոր Աշխարհ» թերթին մէջ կարդացինք իր բնոյթով կասկածելի ձեռնարկի մը յայտարարութիւնը: Իրենց օրինազանցութեամբ ինքզինքնին մեր կուսակցութենէն հեռացուցած կարգ մը անհատներ, ըստ այդ յայտարարութեան` Աթէնքի մէկ պանդոկին մէջ ՌԱԿ-ի 96-ամեակը կը տօնեն յառաջիկայ Կիրակի, 12 Նոյեմբեր 2017-ին:
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնս սոյն յայտարարութեամբ կու գայ՝ հանրութեան յստակացանելու, որ աշխարհասփիւռ ՌԱԿ-ը իր ղեկավարութեամբ եւ անդամներով ոչ մէկ առնչութիւն ունի այդ ձեռնարկին հետ, որուն կասկածելի բնոյթն ու բովանդակութիւնը աւելի եւս կը դրսեւորուին անոր համար ընտրուած բանախօսուհիին անունով, որ ծանօթ է ի նպաստ Ազրպէյճանի իր ունեցած քաղաքական կեցուածքներով:
Շեշտելով նշեալ ձեռնարկին անմիջական կասեցման կարեւորութեան վրայ՝ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութիւնս կոչ կ՛ուղղէ Հայ պետական, կրօնական, կուսակցական, միութենական եւ ազգային կառոյցներուն ու հաստատութիւններուն ինչպէս նաեւ Հայ ժողովուրդի զաւակներուն ընդհանրապէս, զգոյշութեամբ եւ վերապահութեամբ մօտենալ յերիւրածոյ տիտղոսներով ծպտուած ու Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան անունով անօրինաբար, ինչպէս նաեւ կասկածելի նպատակներով հանդէս եկող կարգ մը անհատներու սանձարձակ գործունէութեանց Աթէնքի մէջ թէ այլուր:
Ի Դիմաց՝
ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ
Սեւակ Յակոբեան Սերխիօ Նահապետեան
Ատենադպիր Ատենապետ