Հայոց պատմութեան ամբողջ ժամանակաշրջան մը պիտի ներկայացուի համաշխարհային հեղինակաւոր մշակութային կեդրոններէն մէկուն` Նիւ Եորքի «Մեթրոփոլիթըն» թանգարանին մէջ: 4-17 դարերու հայ պատմամշակութային ժառանգութիւնը ներկայացնող բացառիկ ցուցահանդէսին բացումը նախատեսուած է 2018-ի Սեպտեմբերի 21-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան վերականգնման օրը:
Ցուցահանդէսին մասին մանրամասնութիւններ, «Արարատ Էսքիճեան» թանգարանին մէջ Հոկտեմբերի 22-ին ներկայացուց «Մեթրոփոլիթըն»-ի միջնադարեան արուեստի եւ վանքերու վարչութեան բիւզանդական բաժնի համակարգող Հելեն Էւընս:
«Ցուցահանդէսին պիտի ներկայացուին վաղ միջնադարէն մինչեւ 17-րդ դար հայոց պատմութիւնը եւ մշակոյթը` քրիստոնէութեան ընդունման, Մեսրոպ Մաշտոցի կողմէ հայ գիրերու ստեղծման ու ատոր ազդեցութեան, Կիլիկիոյ հայոց թագաւորութեան տարիներու մասին ցուցանմուշներ, տարբեր դարերու ձեռագիրներ, հայերէն առաջին տպագիր գիրքեր»,- տեղեկացուցած է Հելեն Էւընս:
Ցուցադրութիւնը հիմնականին մէջ կազմուած պիտի ըլլայ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի թանգարանին, Մատենադարանի եւ Պատմութեան թանգարանի նմուշներէն, նաեւ պիտի ներառուին Երուսաղէմի Սուրբ Յակոբեանց եկեղեցւոյ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, Մխիթարեան միաբանութեան մօտ պահուող հայ միջնադարեան մշակոյթի որոշ գանձերէն նմուշներ` տրամադրուած «Կիւլպէնկեան» հիմնարկին եւ կարգ մը ոչ հայկական աղբիւրներու կողմէ:
Էւընս նշած է, որ բացառիկ առիթ կ’ընձեռուի` աշխարհի հնամենի մշակոյթներէն մէկը կրող ժողովուրդին պատմամշակութային ժառանգութիւնը ժամանակակից ձեւով ներկայացնելու: «Մենք յոյս ունինք, որ ցուցադրութիւնը հայերուն հպարտութեան առիթ կ՛ըլլայ, երբ տեսնեն, թէ Հայաստանը ի՛նչպէս ըստ պատշաճի ներկայացուած է: Միաժամանակ կ՛ակնկալենք աշխարհին աւելի ճանաչելի եւ ընդունելի դարձնել հայ մշակոյթը` որպէս համաշխարհային արուեստի կարեւոր մաս»,- նշած է ան` պատիւ համարելով իր ներգրաւուածութիւնը ցուցահանդէսի կազմակերպման գործին մէջ:
Բանախօսութեան ընթացքին հայկական ձեռագիրներու մասնագէտ Էւընս խօսեցած է հայոց պատմութեան տարբեր ժամանակաշրջաններու իրադարձութեանց մասին, ներկայացուցած հազուագիւտ ձեռագիրներ:
Պատասխանելով ներկաներէն մէկու հարցումին, թէ ի՛նչպէս կարելի է լուծել աշխարհի տարբեր թանգարաններու մէջ, այդ կարգին` «Մեթրոփոլիթըն»-ի մէջ, այլ երկիրներու անունին ներքոյ ներկայացուած հայ մշակոյթի գանձերը՝ որպէս հայկական ներկայացնելու հարցը, Էւընսը դիտել տուած է, որ այսպիսի ցուցահանդէսները լաւագոյն միջոցը կրնան ըլլալ: