Սփիւռքի նախարարութիւնը մտադրած է 2018-ին հայրենադարձութեան ծրագրի յաջողութեան համար հայեցակարգ մշակել: Այս մասին տեղեկացուցած է Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան պատասխանելով «Ազատութեան» այն հարցին, թէ արդեօք իրատեսական կը համարէ՞ նախագահ Սերժ Սարգսեանի՝ 2040-ին 4 միլիոն բնակիչ ունենալու տեսլականը:
Յակոբեան յայտնեց, որ պէտք է մանրակրկիտ ուսումնասիրել, թէ ի՛նչպէս կարելի է մարդիկ շահագրգռել Հայաստան գալու, այստեղ աշխատելու եւ ապրելու համար:
«Ես կը կարծեմ, որ եթէ հանրապետութեան նախագահը յայտարարած է, ուրեմն նաեւ հաշուարկներ, մօտեցումներ, ճշգրտումներ կատարուած են: Ինչ կը վերաբերի Սփիւռքին՝ ոչ միայն բնական աճի, այլեւ մեքենական աճի առումով մենք 2018 թուականին նախատեսած ենք հայրենադարձութեան նախապատրաստական աշխատանքները: Մենք, փաստօրէն, պիտի մշակենք հայեցակարգ, ուսումնասիրած ենք ուրիշներու փորձը, պիտի մշակենք օրէնք հայրենադարձութեան մասին, մասնագիտական հայրենադարձութեան համար կը փորձենք աշխատանքներ իրականացնել»,- ըսած է Յակոբեան:
Ըստ Սփիւռքի նախարարին՝ հայրենադարձութեան համար հայրենասիրութիւնը բաւարար չէ:
«Մենք պէտք է կարենանք Հայաստանի հնարաւորութիւնները ներկայացնել: Ի՞նչ կրնանք իրենց առաջարկել, ինչպիսի՞ մասնագէտներու կարիք մենք ունինք, որո՞նց մենք պէտք է հրաւիրենք, ըստ այնմ պայմաններ ստեղծենք: Եթէ անոնք այնպիսի մասնագէտներ են, որոնք պէտք են Հայաստանին եւ Հայաստանի մէջ նման մասնագէտներ կա՛մ չկան, կ’ա՛մ քիչ են, ի հարկէ, պէտք է մտածել անոնց համապատասխան աշխատավարձ տալու մասին, պայման ստեղծելու մասին, որ մարդը գայ: Միայն հայրենասիրութեան դրդումով գայ, կանգնի փողոցը, ատիկա հայրենադարձութիւն չ’ըլլար: Հետեւաբար, որոշ պայմաններ մենք պէտք է առաջարկենք: Իւրաքանչիւր նախարարութիւն պէտք է իր հնարաւորութիւններու սահմաններուն մէջ առաջարկներ ներկայացնէ եւ մենք փորձենք ընդհանրացնել, ի մի բերել: Լուրջ բան է նախապատրաստական, կազմակերպչական աշխատանքները հայրենադարձութեան»: