Հայաստանի կառավարութիւնը խորհրդարանի քննարկման ներկայացուցած է երիտասարդ մայրերու աշխատանքը եւ երեխայի խնամքը համատեղող ծրագիր ներդնելու օրէնսդրական նախաձեռնութիւն: Ազգային ժողովին մէջ ՀՀ 2018-ի պետական պիւտճէի նախագիծի քննարկման ժամանակ այս մասին յայտնած է ՀՀ աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար Արտեմ Ասատրեան: Այս մասին կը հաղորդէ “Երկիր”-ը։
«Զբաղուածութեան ոլորտին մէջ կը նախատեսենք երեք նոր ծրագիրներ, որոնք ուղղուած են ընկերա-ժողովրդագրական խնդիրներու որոշակի լուծման: Ազգային ժողով ներկայացուցած ենք համապատասխան օրէնսդրական նախաձեռնութիւն, որմով կ՛առաջարկենք ներդնել երիտասարդ մայրերու համար աշխատանքը եւ երեխայի խնամքը զուգակցելու ծրագիր»,- ընդգծած է նախարարը:
Ան մանրամասնած է, որ այդ ծրագիրը բոլոր աշխատող մայրերուն, որոնք երեխայի մինչեւ երեք տարին լրանալը կը գտնուին խնամքի արձակուրդի մէջ, մինչեւ երկու տարին բոլորելը աշխատանքի վերադառնալու պարագային պետութեան հաշուին դայակ վարձելու հնարաւորութիւն պիտի տայ: