Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, Նոյեմբերի 6-ին, աշխատանքային խորհրդակցութիւն հրաւիրած է նուիրուած գիւղատնտեսութեան եւ շինարարութեան ոլորտներու մէջ իրականացուող աշխատանքներուն:
Արցախի նախագահի մամուլի գրասենեակէն կը յայտնեն, որ յատուկ ուշադութիւն դարձուցած են սոյն թուականի Նոյեմբեր 4-ին Հադրութ քաղաքին մէջ շրջանի վարչակազմի պատասխանատուներուն եւ համայնքներու ղեկավարներուն մասնակցութեամբ տեղի ունեցած խորհրդակցութեան ընթացքին քննարկուած հանրապետութեան հարաւային հատուածին մէջ նախատեսուող շարք մը ծրագիրներու հետ կապուած հարցերուն:
Նախագահ Սահակեան կարեւոր նկատած է այդ ծրագիրներու արդիւնաւէտ իրագործման անհրաժեշտութիւնը` համապատասխան յանձնարարականներ տալով շահագրգիռ մարմիններու ղեկավարներուն:
Խորհրդակցութեան կը մասնակցէին պետական նախարար Արայիկ Յարութիւնեան, ինչպէս նաեւ պաշտօնատար այլ անձիք: