Հինգշաբթի, 22. 05. 2025

spot_img

Այնթապի Մէջ Կը Ջնջուին Հայկական Հետքերը. Թրքական Կայքին Անդրադարձը

Թուրքիոյ նախկին հայաշատ Այնթապ քաղաքի հայկական թաղամասի ոչնչացման վերաբերեալ նիւթ հրապարակած է թրքական «GazeteKarinca» կայքը, կը հաղորդէ «Նիուզ»-ը:

Կայքը իր հրապարակման սկիզբը կը շեշտէ, որ Այնթապի մէջ 1915–ի Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք հայերուն պատկանող եւ պատմական արժէք ներկայացնող շարք մը շինութիւններ վերածուած են մզկիթներու կամ սրճարաններու:

Հայերու մասին ամենակարեւոր հետքը կրող Էպլեհան թաղամասի ամենաբարձրադիր վայրին մէջ կառուցուած Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին 2010–ին վերանորոգման անուան տակ վերածուեցաւ Փրկութեան մզկիթի: Բացի այդ, եկեղեցւոյ մէջ գտնուած եւ քրիստոնէութեան մասին վկայող որմնանկարները ջնջած են:

Կայքը նաեւ նշած է, որ Այնթապի մէջ կան նաեւ  հայերուն պատկանած այգիներով եւ քանի մը յարկէ բաղկացած տուներ, որոնց մեծ մասը վերածուած է սրճարաններու կամ որպէս խանութ–հիւրանոց ծառայութիւն կը մատուցանէ տեղացի եւ արտասահմանցի զբօսաշրջիկներուն:

 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին