Այժմեան Թուրքիոյ տարածքին գտնուող Մալաթիա նահանգին մէջ այգեգործները ստիպուած եղած են աւելի քան 2 միլիոն ծիրանենի կտրել, այս մասին կը յայտնէ «Թերթ․am»-ը՝ վկայակոչելով թրքական Demokrathaber.org կայքը:
Ֆինանսական ճգնաժամի մէջ յայտնուած մալաթիացիները չեն կրցած վաճառել ու պատշաճ ձեւով հետեւիլ ծիրանի այգիներուն` ի վերջոյ ստիպուած ըլլալով կտրել զանոնք: Կը նշուի, որ 2 միլիոն ծառ արդէն հատուած է, եւս 9 միլիոնը պիտի հատուի մօտ ապագային:
Պետական կառոյցները, որոնք գիւղացիէն կը գնեն ծիրանը, շուկայի մէջ զայն վաճառած են աւելի քան 5 թրքական լիրայով` մօտ 1.5 տոլարով, մինչդեռ գիւղացին իր աշխատանքի դիմաց շատ ցած վարձատրութիւն ստացած է, պետութիւնը նաեւ չի օգնած ծառերու խնամքի հարցով, որու հետեւանքով ծիրանենին ջրազրկուած ու հիւանդացած է: Բերքէն բաւականաչափ շահոյթ չստացած այգեգործները, որոնք բազմաթիւ պարտքեր ունին պետական ու մասնաւոր դրամատուներուն, ստիպուած եղած են հատել հսկայ այգիները:
Այգեգործները լրագրողներուն պատմած են, որ դիմած են Անգարա` համապատասխան կառոյցներու պաշտօնեաներուն, սակայն որեւէ լուծում չեն ստացած: Արդիւնքով, հիւանդացած ծառերը ստիպուած եղած են կտրել. փայտը կ’օգտագործեն որպէս վառելիք, իսկ տերեւները կենդանիներուն կու տան:
Նշենք, որ Մալաթիան կը համարուի Արեւմտեան Հայաստանի տարածքի «ծիրանի հայրենիք»ը, ուրկէ մեծ քանակութեամբ ծիրան կ՛արտահանուի միայն Թուրքիոյ բոլոր անկիւններ, այլեւ աշխարհի տարբեր երկիրներ: