Պուլկարիոյ ՀՀ դեսպան Արմէն Սարգսեան Նոյեմբեր 3-ին այցելած է Սոֆիայի մէջ կազմակերպուած «Բնական Եւ Կենսաբանական Մթերքներ Առողջութեան Եւ Գեղեցկութեան Համար» խորագիրով տօնավաճառ, ուր առաջին անգամ առանձին տաղաւարով ներկայացուած է հայկական «Ա.Կ.Լ. Յովհաննիսեան» ընկերութեան արտադրութեան բնական դեղ ծիրանի, ծիրանի կորիզի եւ մեղրի բնական մաքուր հումքէ եւ աւանդական բաղադրատոմսերով:
Ինչպէս «Հայերն այսօր»–ին տեղեկացուցած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի, տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապի վարչութենէն, նշուած տեսականին ներկրող պուլկարական «ApricoPro» ընկերութեան նախագահ Մարգարիտա Վասիլեւան նշած է, որ նմանօրինակ ապրանքներ Հայաստանէն առաջին անգամ կը ներմուծուին Պուլկարիա: