Ուրբաթ, 16. 05. 2025

spot_img

Արագ Զարգացումներու Շեմին

*ՌՈՒԲԻՆԱ ՄԱՀՏԵՍԻ ՕՀԱՆԵԱՆ*

Ամերիկեան լրատուները վերջերս կեդրոնացան կարեւոր լուրի մը  վրայ: Հիլըրի Քլինթընը 2015 թուականի Օգոստոսին, ֆինանսական համաձայնագիր ստորագրելով ԱՄՆ-ի Դեմոկրատ կուսակցութեան հետ՝ իր ձեռքը առնած է այդ կուսակցութեան նիւթական գործունէութիւնը, ու անոր շնորհիւ նախ ասպարէզէն հեռացուցած է ուրիշ թեկնածուներու (յատկապէս Պըրնի Սանտըրսին) եւ նիւթական աղբիւրները ուղղած է դէպի իր ընտրապայքարը: Այս լուրը հաղորդեցին CNN-ը, Yahoo-ն եւ ուրիշ հաղորդամիջոցներ:

Լուրը առաջին անգամ տեղեկացուց Դեմոկրատ կուսակցութեան նախկին նախագահ Տոննա Պրազիլը (Donna Brazile) իր հրատարակած գրքին մէջ, եւ այդ  հաստատեց Դեմոկրատ պարագլուխներէն Էլիզապէթ Վարենը: Տիկին Պրազիլը նշած է , որ այդ պայմանագիրը ապօրինի չէր, բայց  բարոյականին հակառակ էր (unethical):

Ինչպէս միշտ, ինծի հետաքրքրեց մարդոց գրառումները: Մարդիկ զարմացած էին, որ ամերիկեան լրատուները կը հաղորդեն այս լուրը, քանի որ իրենք միշտ ալ համակրական վերաբերմունք ունեցած են Քլինթընին եւ Դեմոկրատ կուսակցութեան նկատմամբ: Բայց մէկ բան պարզ դարձաւ բոլորին, յատկապէս վերջին ամիսներուն, որ Հիլըրի Քլինթըն չունի ժողովուրդին համակրանքը, եւ ՀԻՄԱ ատիկա վերափոխուած ու դարձած է հակակրութիւն եւ ատելութիւն: Ես հոս չեմ ուզէր նշել այն բոլոր գրառումները, որոնցով Հիլըրիին կը բնորոշէին սատանայ, նեխած, ստախօս, ատելի… եւ փառք կու տային Աստուծոյ, որ ԱՄՆ-ի նախագահական ընտրութիւններուն պարտուեցաւ եւ նախագահ ընտրուեցաւ Տոնըլտ Թրամփը:

Մարդոց այս հոգեվիճակն ու կողմնորոշումները, միաժամանակ Դեմոկրատ կուսակցութեան անփառունակ ներկան, պատճառ դարձան, որ լրատուները ԱՌԱՋԻՆ ԱՆԳԱՄ հանդէս գան Հիլըրի Քլինթընի անձին դէմ հաղորդումներով: Ասիկա փորձ է՝ փրկելու Դեմոկրատ կուսակցութիւնը՝ զոհաբերելով մինչեւ երէկ իրենց կողմէ սիրուած ու գնահատուած Հիլըրիին եւ Քլինթըն ընտանիքին: Տոննա  Պրազիլի բացայայտումը հաստատեց Էլիզաբէթ Վարենը, ան, որ ամուր կանգնած մնաց Հիլըրիի կողքին:

Մարդոց կը հետաքրքրէ, թէ ի՛նչու ՀԻՄԱ կը խօսուի այս ամէնուն մասին, երբ Դեմոկրատ պարագլուխները 2015 թուականէն արդէն գիտէին տնտեսական գործարքի մասին: Ինչո՞ւ հիմա: Կայ հիմնական երկու պատճառ՝ Դեմոկրատները նոր-նոր կ’ուզեն հաշտուիլ իրենց պարտութեան հետ, երկրորդ՝ իրենց կը մտահոգէ ապագան: Իրենք, հաւանաբար, այն եզրակացութեան յանգած են, որ չունին ելք՝ ապագայ զարգացումները կանխելու ու յատկապէս յաջորդ ընտրութիւններուն չեն կրնար ներկայացնել յարմար թեկնածու մը , որուն կը համակրի ու կը վստահի ժողովուրդը: Այսօր ելքը գտան եւ առաջին քայլը առին՝ Հիլըրի Քլինթընին զոհաբերելով:

Եւ հարց է իսկապէս: Ինչո՞ւ ասիկա չի կրնար պատահիլ ուրիշ երկիրներու մէջ եւս: Չէ՞ որ աշխարհի  ու յատկապէս  Միջին Արեւելքի մէջ տարածաշրջանին նոր իրավիճակներ կը հասուննան: Տարածաշրջանը ապակայունացնող ուժերը հանդիպեցան զօրաւոր դիմադրութեան (նկատի ունիմ, յատկապէս քիւրտերուն անկախութիւն տալու ուրիշ երկրի ծրագիրը): ԱՄՆ-ը իր տնտեսական ու հասարակական նոր քաղաքականութեամբ՝ կեդրոնացած է իր երկրի ներքին հարցերը կարգաւորելու եւ  զօրանալու վրայ եւ շատ ալ հետաքրքրուած չէ աշխարհի մանր հարցերով (օրինակ՝ Արցախի հարցը): Եւ թերեւս ասիկա է պատճառը, որ վերջերս շրջանառութեան մէջ մտան ՄԻՆՍԿ-ի խմբակի համանախագահութիւնէն ԱՄՆ-ի դուրս գալու հաւանականութիւնը եւ Արցախի հարցի նկատմամբ Ռուսաստանի առաւել դերակատարութիւնը:

Աշխարհը արագ կը փոխուի , բայց այս չի նշանակեր, որ ասիկա անկանխատեսելի է: Նախատեսելի են ապագայ քաղաքական ու տնտեսական զարգացումները: 

Դեմոկրատները կը նահանջեն, Փութինը կը նահանջէ , ասպարէզի վրայ պիտի  գան նորերը…: 

Պատասխանելով հարցումի մը՝ ես Ռուսաստանի նախագահի թեկնածու տիկին Սոփչակին կը համարեմ Իրանի Ռոհանին եւ նոյնը կ’ըսեմ Հայաստանի ապագայ հաւանական վարչապետ Կարէն Կարապետեանի վերաբերեալ:

Իրադարձութիւնները արագ կը զարգանան, բայց՝ կանխատեսելի:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին