Ես շատ ուրախ եմ, որ կը գտնուիմ Արցախի Հանրապետութիւն եւ հնարաւորութիւն ունիմ անձամբ ծանօթանալու այստեղ ապրող մարդոց եւ անոնց խնդիրներուն:
Այս մասին՝ ըստ «Արցախփրես»-ի՝ ըսած է Գերմանիոյ Պատեն Ուրթեմպերկ երկրամասի պատգամաւոր, «Այլընտրանք Գերմանիոյ համար» կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան անդամ Լարս Փաթրիկ Պերգը, որ Նոյեմբեր 1-ին Ստեփանակերտ ժամանած է՝ Գերմանիոյ մէջ Արցախի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Յարութիւն Գրիգորեանի ուղեկցութեամբ:
«Երկօրեայ այցի ընթացքին կարեւոր հանդիպումներ ունեցած եմ ինչպէս քաղաքական իշխանութեան, այնպէս ալ հասարակութեան ներկայացուցիչներու հետ: Շատ հետաքրքրական ու օգտակար տեղեկատուութիւններ հաւաքած եմ: Կը կարծեմ` Արցախի հետ համագործակցութիւնը ոչ միայն անհրաժեշտ է, այլեւ պէտք չէ սահմանափակուի տարբեր քաղաքական գործիչներու միայն մասնաւոր այցերով: Այդ մասին ես անպայման պիտի բարձրաձայնեմ իմ գործընկերներուս հետ հանդիպումներու ընթացքին»,- ըսած է Գերմանացի խորհրդարանականը եւ աւելցուցած, որ այցի ընթացքին համոզուած է, որ Արցախի մասին շատ քիչ եւ թիւր տեղեկութիւն կայ Գերմանիոյ մէջ:
Լարս Փաթրիկ Պերգի խօսքով` երկօրեայ այցի ընթացքին ինք տեսած է զարգացող, խաղաղ, անվտանգ երկիր, որ սակայն հակամարտութիւն ունի Ատրպէյճանի հետ: «Երբ կը ցանկայի Արցախ այցելել, Գերմիանիոյ մէջ իմ մտերիմները խորհուրդ կու տային հրաժարիլ այդ գաղափարէն: Անոնք կը պնդէին, որ իմ անվտանգութիւնը երաշխաւորուած չէ, եւ տարատեսակ մտահոգութիւններ կը յայտնէին: Բայց ես տեսայ բոլորովին այլ իրականութիւն եւ համոզուեցայ, որ կը գտնուիմ շատ անվտանգ երկրի մը մէջ, ուր մարդիկ փողոցներուն մէջ հանգիստ կը զբօսնեն, եւ սահմանը, ուր կը գտնուին հակամարտութեան հետ կապուած վտանգները, շատ հեռու է խաղաղ բնակավայրերէն: Արցախը հրաշագեղ բնութիւն ունի, ուր շատ բարեհամբոյր մարդիկ կ՛ապրին եւ ես նորէն պիտի վերադառնամ արդէն ընտանիքիս հետ միասին»,- նշած է Գերմանացի պատգամաւորը: