Հինգշաբթի, 12. 09. 2024

spot_img

Ռուսիան Հայաստանին Պիտի Մատակարարէ Ռազմական Նոր Սարքեր. Սերժ Սարգսեան

Օրերս Ռուսիա Հայաստանին պիտի մատակարարէ զէնքի խմբաքանակ` գործող պայմանագրի ծիրէն ներս: Իսկ 100 միլիոն տոլարի նոր, արդէն ստորագրուած վարկային համաձայնագրի իրականացումը պիտի սկսի, երբ բոլոր միջպետական մակարդակներու վրայ հաստատուի: «Արմենփրես»-ի փոխանցմամբ, այդ մասին «Ռիա նովոսթի»-ին տուած հարցազրոյցի ժամանակ ըսած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան.

«Մինչեւ այս տարուան վերջ մենք պիտի իրականացնենք դեռ նախորդ պայմանագիրը: Օրերս մենք կը սպասենք նոր մատակարարումներու եւ մինչեւ տարուան վերջը մենք պիտի փակենք նախորդ պայմանագրի հետ կապուած բոլոր հարցերը»,- ըսած է Սերժ Սարգսեան:

«Մենք արդէն Երեւանի մէջ ստորագրած ենք նոր պայմանագիր, անիկա պէտք է անցնի բոլոր ռուսական եւ հայկական ատեանները, այնուհետեւ` վաւերացման ընթացակարգը, իսկ արդէն ատկէ ետք մենք պիտի սկսինք աշխատանքի ռուսական կողմէն համապատասխան արտադրողներու հետ այդ ծրագրի իրականացման համար: Ատիկա, ցաւօք, այդքան արագ չ՛ըլլար»,- աւելցուցած է Հայաստանի նախագահը:

2015-ի Յունիսին ստորագրուած է Ռուսիոյ կողմէ Հայաստանին 200 միլիոն տոլարի պետական վարկ տրամադրելու մասին համաձայնագիր` ռուսական արտադրութեան ռազմական արտադրանք ձեռք բերելու: Նոր համաձայնագրի նախագիծին համաձայն, որուն Հայաստանի կառավարութիւնը հաւանութիւն տուած է 2017-ի Հոկտեմբեր 12-ին, Ռուսիան հայկական կողմին պիտի տրամադրէ 100 միլիոն տոլարի պետական արտահանման վարկ ռուսական արտադրութեան ռազմական նշանակութեան արտադրանքներու մատակարարումները ֆինանսաւորելու համար:

Համաձայնագրի նախագիծին մէջ կը նշուի, որ վարկը կը տրամադրուի 15 տարի մարման ժամկէտով, տարեկան 3 տոկոս տոկոսադրոյքով: Հայաստանը պէտք է օգտուի վարկային միջոցներէն 2018-2022 թուականներուն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին