Չորեքշաբթի, 14. 05. 2025

spot_img

Միացեալ Հահանգներու եւ Հայաստանի Միջեւ Ապրանքաշրջանառութիւնը Աճած է 35 Տոկոսով

Նոյեմբեր 1-ին Հայաստանի մէջ ԱՄՆ դեսպանատունը` գործակցելով ՀՀ գիւղատնտեսութեան նախարարութեան եւ «էյչ-էս-պի-սի պանք Հայաստան»-ի հետ, կազմակերպած էր գործարար համաժողով նուիրուած գիւղատնտեսութեան: Նպատակը՝ ոլորտի հայկական ընկերութիւններուն ամերիկեան յայտնի «Ուոլմընթ» եւ «Մոնսանթօ» ընկերութիւններու փորձի, ապրանքներու ու արհեսատագիտութիւններու ներկայացումն էր ու կապերու ձեւաւորումը:

«Գիւղատնտեսութիւնը Հայաստանի տնտեսութեան կարեւորագոյն ճիւղերէն մէկն է: Անիկա կ՛ապահովէ Հայաստանի ՀՆԱ-ի 19.6 տոկոսը եւ հայաստանեան աշխատուժի 36.2 տոկոս զբաղուածութիւնը: Միացեալ Նահանգներ կը ջանայ բարելաւել մեր երկու երկիրներու առեւտրական հնարաւորութիւնները եւ խորացնել առեւտրա-ներդրումային յարաբերութիւնները: Ուրախութեամբ կրնանք տեղեկացնել, որ այս տարուան առաջին 8 ամիսներուն Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի միջեւ ապրանքաշրջանառութիւնը, ըստ ԱՄՆ վիճակագրական ծառայութեան տուեալներուն, աճած է 35 տոկոսով», — բացման խօսքին մէջ ըսած է ԱՄՆ գործերու հաւատարմատար Ռաֆիք Մանսուր:

Ամերիկեան երկու ընկերութիւններ`  «Ուոլմընթ»ը եւ «Մոնսանթօ»ն գործուղած էին ներկայացուցիչներ, որոնք այս համաժողովի ընթացքին ներկայացուցին իրենց ընկերութիւններու ապրանքները եւ ուսումնասիրեցին Հայաստանի մէջ առկայ գործարար հնարաւորութիւնները: Այս մէկօրեայ համաժողովին զեկուցումներով հանդէս եկան նաեւ «Էյչ-էս-պի-սի Պանք Հայաստան»-ի, Միջազգային ֆինանսական ընկերութեան, Գիւղատենտեսութեան ու գիւղի զարգացման «Քարտ» կեդրոնի եւ ՀՀ կառավարութեան ներկայացուցիչները:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին