Շաբաթ, 27 Հոկտեմբեր 2017-ին, Պուրճ Համուտի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Զաւարեան Ուսանողական Միութեան աւանդական ձեռնարկը, որուն ընթացքին պարգեւատրուեցան անցած տարեշրջանի Բ. Պաքալորէայի քննութիւններուն՝ յիշատակութեամբ յաջողած հայկական դպրոցներու աշակերտները: Պարգեւատրուողներու շարքին էին Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի՝ անցնող տարեշրջանէն 7 աւարտականներ:
Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ Ընդհանուր Գիտութիւններու բաժինին մէջ Շարպէլ Ապէթեան «շատ լաւ» արժեւորումով լիբանանահայ վարժարաններուն մէջ առաջինը հանդիսացած է:Պատուոյ յիշատակութեան արժանացան Էլի Ապէթեան Ընդհանուր Գիտութիւններու բաժինէն, Ազնիւ Փոլատեան, Արմիկ Հեքիմեան, Քրիսթին Քէհէեան եւ Մարիա Եմենեան Գրականութեան բաժինէն, իսկ Հայկ Թապագեան պարգեւատրուեցաւ Մեսրոպեանի մէջ հայերէնի մէջ իր արձանագրած բարձրագոյն նիշին համար:
Հանդիսութեան ներկայ էր Մեսրոպեանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ՝ հայկական վարժարաններու կրթական պատասխանատուներու եւ տնօրէններու շարքին: Օրուան բանախօսը՝ Տոքթ. Լեւոն Աւետանեան, ընդգծեց, որ աշակերտներու յաջողութեան մէջ դերակատար են իրենք՝ իրենց աշխատասիրութեամբ, իսկ ծնողները, ուսուցիչները եւ դպրոցական պատասխանատուները՝ իրենց պարտականութիւններու լաւապէս կատարմամբ: Ան յորդորեց աշակերտները հետեւողական ջանասիրութեամբ շարունակել իրենց բարձրագոյն կրթութիւնը ՝չմոռնալով հաւաքականութեան հանդէպ իրենց պարտաւորութիւնները:
Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի