Շաբաթ, 17. 05. 2025

spot_img

Մեծամօրի Հիւլէակայանը Առնուազն Մինչեւ 2027-ը Պիտի Գործէ․ Սերժ Սարգսեան

Եւրոմիութեան հետ համաձայնագրին մէջ Մեծամօրի հիւլէակայանի փակման հետ առնչուած որեւէ կէտ չկայ: Այս մասին յայտարարած է նախագահ Սերժ Սարգսեան «Ռիա նովոսթի» գործակալութեան տուած հարցազրոյցի ընթացքին:

Նախագահը այս ձեւով պատասխանած է լրագրողին այն հարցումին թէ Եւրոմիութեան հետ համաձայնագրին մէջ Մեծամօրի հիւլէակայանի փակման հետ առնչուած ինչ, որ բան կայ:

«Այդ քննարկումները արհեստականօրէն կը շրջանառուին եւ իրականութեան հետ ոչ մէկ կապ ունին:  Եւրոմիութեան հետ համաձայնագրի նախագիծին մէջ այս պարբերութիւնը ձեւակերպուած է լռելեայն (նկատի ունենալով Մեծամօրի շահագործման առարկայական ժամկէտը): 2014-ին Հայաստանի կառավարութիւնը որոշած է հիւլէակայանի շահագործման ժամկէտը երկարաձգել: Կայանի շահագործման  ժամկէտի երկարաձգման ֆինանսաւորումը պիտի իրականացուի ռուսական պետական արտահանման` 270 միլիոն տոլար վարկի եւ 30 միլիոն տոլար դրամաշնորհի հաշուին: Ներկայիս «Ռոսաթոմ» պետական ընկերութեան հետ կը շարունակուին աշխատանքները հիւլէակայանի երկրորդ պլոքի շահագործման ժամկէտը երկարացնելու ուղղութեամբ: Կարեւոր է  նշել, որ  հիւլէակայանը կը գործէ Մագատ-ի չափանիշներուն համապատասխան եւ ատիկա միջազգային մասնագիտացուած գործակալութիւններու եզրակացութիւնն է: Միջոցներ կը  ձեռնարկուին  ծրագրի եւ գործառնական անվտանգութեան բարձրացման, ինչպէս նաեւ արդիականացման ուղղութեամբ:  Այնպէս որ, Մեծամօրը առնուազն մինչեւ 2027-ը պիտի գործէ: Մենք կը հաւատանք, որ մեր անվտանգութեան համար, առաջին հերթին ուժանիւթը, հիւլէական ուժանիւթը պէտք է միշտ առկայ ըլլայ Հայաստանի մէջ»:

Այն հարցին, թէ արդեօք կարելի՛ է Նոյեմբերին՝ Եւրոմիութեան հետ համաձայնագրի կնքումէն ետք, անոր փակման մասին խօսք ըլլայ, ՀՀ նախագահը պատասխանած է. «Ո՛չ , համաձայնագրի մէջ նման կէտ չկայ»:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին