Ճազի հայկական միութիւնը եւ «Մեցցօ Փրոտաքշըն»-ը կը ներկայացնեն տարուան ամենաճազային իրադարձութիւնը Հայաստանի մէջ` «Yerevan Jazz Fest» ամենամեայ միջազգային ճազ փառատօնը:
Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն կազմակերպիչները, այս տարի այն նուիրուած է յայտնի Zildjian ապրանքանիշի հիմնադիր, մեր հայրենակից Աւետիս Զիլտճեանին, որ սկիզբ դրած է համաշխարհային ճանաչում ունեցող հարուածային գործիքներու` ծնծղաներու արտադրութեան:
Երէկ՝ Նոյեմբեր 1-ին, Արամ Խաչատրեանի անուան համերգասրահին մէջ մէկ յարկի տակ ելոյթ ունեցան Արտօ Թունճպոյաճեանը եւ «Armenian Navy Band»-ը, Վահագն Հայրապետեանը, Արտակ Ներսիսեանը, Մարինէ Յակոբեանը Հայաստանէն եւ սենեկալցի Փաքօ Սառը: