*ՏԱԹԵՒ ԴԱՒԹԵԱՆ*
«Զարթօնք»ի Երեւանի Աշխատակից
Այստեղ ամէն ինչ ներկուած է այնպէս վառվռուն,
ներհակ եւ թաւ գոյներով
Ըսես պարզունակ նկար է մանուկի:
Սակայն Աստուած իմ
Նոյն այդ աշխարհի մէջ
Որքան բարդութիւն ու խրթին բան կայ…
Պարոյր Սևակ
Փայտը կենդանի՝ բնական նիւթ է, որ իր մասնակցութիւնը ունի մարդու կողմէ շրջակայ միջավայրի ճանչցողական գործընթացին: Ան իր ջերմութեամբ, փափկութեամբ և օրկանական զգայականութեամբ մօտ է մարդկային բնոյթին: Մեր <<քարերու երկիր>> հայրենիքի մէջ՝ փայտին ուշադրութեամբ ու յարգանքով կը վերաբերէին, իր յուսալիութեամբ ու ամրութեամբ հանդերձ: Անյիշելի ժամանականերէն մարդը տիրապետելով փայտին, իւրացնելով և օգտագործելով անոր արժէքաւոր յատկանիշները կենցաղի և ճարտարապետութեան մէջ, անձնատուր եղաւ նաեւ անոր նուրբ, գեղագիտական խաղին, ի յայտ բերելով այս նիւթի այնպիսի իւրայատկութիւնները, ինչպէս՝ թրթուռունութիւնը, զգայնութիւնը, դիւրամշակելիութիւնը և գունային նուրբ յագեցուածութիւնը:
Փայտը քանդակագործի համար բացարձակապէս իւրայատուկ նիւթ է: Այս կամակոր նիւթի հետ աշխատող արուեստագէտը պէտք է վերին աստիճանի՝ զարգացաց զգայական ընկալունակութիւն, խղճմտանք ունենայ, քանի որ ան կենդանի նիւթին նոր կեանք կը հաղորդէ : Հազարամեակներ շարունակ փայտի հետ աշխատելով մարդը ուսումնասիրած է անոր բնոյթն ու ճարտարապետական և գեղագիտական յատկանիշները, նրբութիւններն ու և գունային երանգները, թելիկային կառուցուածքն ու կտրուածքի պատկերը, որ դարերու դրոշմն է փայտին վրայ:
Այս շաբաթ մեր պտոյտները մեզի հասցուցին փայտարուեստի թանգարան։ Ան այցելուներուն կը ծանօթացնէ այնպիսի աշխատանքներու հետ, որոնք կը ներկայացնեն կեանքը փայտի մէջ: <<Զարթօնքի>> զրուցակիցն է թանգարանի գլխաւոր ֆոնդապահ՝ Մելանիա Միրզոյեան , ով իր կեանքին երկար տարիները նուիրած է թանգարանին հոգատար աշխատանքով:
«Զ.» – Տիկին Մելանիա ես գիտեմ, որ դուք արդէն երկար տարիներ կ՛աշխատիք թանգարանի մէջ, ե՞րբ և ի՞նչ պայմաններու մէջ ստեղծուած է թանգարանը:
«Մ. Մ.» – Թանգարանը հիմնադրուած է 1977 թուականին՝ Հոկտեմբեր 28–ին փայտարդիւնաբերութեան նախարար՝ Ալպէրտ Ստեփանեանի նախաձեռնութեամբ, ԽՍՀՄ Գեղարուեստի Ակադեմիայի իսկական անդամ, նկարիչ Գրիգոր Խանճեանի և Հայաստանի վաստակաւոր գործիչ՝ Յովհաննէս Շարամբեանի աջակցութեամբ: Թանգարանը ձեւաւորուած է՝ Գրիգոր Խանճեանի էսքիզներով, իսկ մետաղեայ ձևաւորումը կը պատկանի նկարիչ-դարբին՝ Վարդան Օհանեանին:
Մեր ցուցադրութեան մէջ ներկայացուած է հիմնական փայտէ աշխատանքներ։ Ունինք փոքր բաժին, որ կը կոչուի հնագոյն մշակոյթի բաժին, ուր նիւթի սահմնափակում չի կայ: Այնտեղ կը ցուցադրուին՝ փայտ, մետաղ և կաւ, որ եղած է արհեստներու զուգահեռ զարգացման նպատակով, իսկ մեր մօտ հիմնական նիւթը , անշուշտ, փայտէ աշխատանքերն են: Մեր ցուցադրութիւնը պայմնականօրէն կրնանք բաժնել երեք մասի. հնագոյն մշակոյթի բաժին, քանդակի բաժին և կիրառական արուեստի բաժին: Ներկայացուած են արհեստավարժ քանդակագործներու, նկարիչներու և ժողովրդական վարպետներու ստեղծագործութիւններ: Ժողովրդական վարպետները հիմնական կը ներկայացնեն կիրառական արուեստը, իսկ արհեստավարժ նկարիչներն ու քանդակագործները քանդակի բաժինը կը ներկայացնեն:
Փայտարուեստի թանգարանը մեծապէս օգնած է փայտի մոռցուած աւանդոյթներու վերականգման: Ժամանակակից վարպետները հիմնուելով հայկական արուեստի հազարամեայ աւանդներու վրայ, կեանքի կոչած են պատմութեան գիրկը անցած առարկաներ:
«Զ.» – Քանի՞ ցուցասրահ ունի թանգարանը և ինչպէ՞ս ամբողջացած են թանգարանի առարկաները:
«Մ. Մ.» – Մենք ունինք մէկ մեծ ցուցասրահ, որ նախատեսուած է մշտական ցուցադրութեան համար և ունինք նաև ժամանակաւոր ցուցադրութիւններու համար նախատեսուած փոքր սրահ, որտեղ կ՛իրակնացնենք տարուայ ընթացքին տարբեր ցուցահանդէսներ: Թանգարանը ունի գործունէութեան լայն շրջանակ: Կը կազմակերպուի հեղինակային և ստուգողական ցուցահանդէսներ, միջոցառումներ, դասախօսութիւններ: Մեր թանգարանը իր տեսակին մէջ եզակի է, ունի ուշագրաւ ցուցանմոյշներ: Նախ և առաջ ըսեմ, որ թանգարանը կը պատկանի Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան, ի սկզբանէ պետական թանգարան է, ուստի կ՛ամբողջանայ մշակոյթի նախարարութեան կողմէ նիւթական աջակցութեամբ: Աշխատանքները ձեռք կը բերուին վարպետներէ, քանդակագործներէ: Ցաւ ի սիրտ վերջին երեք տարիներուն չէ եղած նիւթական աջակցութեան ամբողջացում, բայց թանգարանի հաւաքածոներու ֆոնդը ամբողջացած է նուիրատւութիւններու և մեր աշխատանքներու՝ որպէս արդիւնք: Թանգարանը միեւնոյն ժամանակ իւրօրինակ դպրոց է, ուր մասնագիտական կրթութիւն ստացած են ցուցադրուող ստեղծագործութիւններու հեղինակներէն շատերը:
«Զ.» – Ըսէք ո՞րն է թանգարանի հիմնական առաքելութիւնը, նպատակը:
«Մ. Մ.» – Ստեղծագործութիւններու հաւաքագրումէ, պահպանումէ, ցուցադրուելէ զատ մեր թանգարանի հիմնական նպատակը՝ աւանդական փայտարուեստի վերականգնումը, զարգացումն ու շարունակումն է, որվհետև մեր մշակութային ամենամոռցուած նմոյշներէն մէկն ալ փայտն է, որը լաւ չէ պահպանուած, շատ արագ ենթարկուած է արհաւիրքներու: Ապագային մշակոյթի պատմութեան, ինչպէս նաև արհեստներու փոխներգործութեան լիարժէք պատկերման համար, հին մշակոյթի բաժինի մէջ, փայտէ առարկաներու հետ մէկտեղ կը ցուցադրուին խեցեղենի, սև և գունաւոր մետաղներու կարպետագործութեան նմոյշներ: Թանգարանի ստեղծագործութիւնները կ՛իրականան բարձր մակարդակով ձեւակերպուելով, խորհրդանշող, համոզիչ մտածելակերպով, գաղափարի և կերպարի միսանութեամբ: Այս առումով, որպէս թանգարանի գործունէութեան առանձնայատկութիւն, պատահական չէ, որ քանդակագործները, ճարտարապետները կը ցուցադրուին ժողովրդական վարպետներու հետ միասին: Ներկայիս մեր թանգարանը` Եւրոպայի մէջ միակն է որպէս փայտարուեստի թանգարան:
«Զ.» – Ի՞նչ համագործակցութիւն ունիք սփիւռքի հետ:
«Մ. Մ.» – Ցաւ ի սիրտ սփիւռքի հետ համագործակցութիւն չունինք, բաց ունինք շատ սփիւռքահայ այցելուներ, որոնք շատ կը սիրեն փայտարուեստը: Բայց ես կը կարծեմ, որ համագործակցութիւնները պէտք է ըլլան պետականօրէն, իսկ մասնաւոր համագործակցութեան ծրագիրներ դեռ չունինք, որովհետև ինչ ալ, որ ընենք Մշակոյթի նախարարութեան հետ համատեղ պէտք է ըլլայ: Հակառակ այն բանին, որ այս թանգարանը մասնակացած է բազմաթիւ միջազագային ցուցացահանդէսներու, սակայն կը ցաւիմ ըսելու, որ այսօր այդքան ալ շատ չեն ցուցահանդէսները՝ բազմաթիւ խնդիրներու և նիւթական աջակցութեան պակասի պատճառաւ: Փայտարուեստի վերականգնումն ու զարգացումը նոր թափ ստացած է յատակապէս թանգարանի ներկայիս տնօրէն՝ Հենրիկ Սալոխեանի շնորհիւ, ան ըլլալով նկարիչ-ճարտարապետ պրպտելով պատմական նիւթերը, արխիւները կրցած է շատ առարկաներ վերականգնել ու ներկայացնել:
«Զ.» – Ի՞նչ կրթական ծրագիրներ կ՛իրականցնէ թանգարանը:
«Մ. Մ.» – Թանգարանը 2000 թուականէն կ՛իրականացնէ տարբեր կրթական ծրագիրներ հիմնական Հայաստանի տարբեր մարզերէն ներս և ինչպէս նաեւ Արցախի մէջ: Կը դասաւանդուին փայտարուեստ, խեցեգործութիւն, կարպետագործութիւն, տիկնիկագործութիւն: Այդ ծրագիրէն իրենց արդիւնքը տուած են, եւ նաեւ մարզերու մէջ կազմակերպուած են տարբեր ցուցահանդէսներ: Կրթական ծրագիրները մեզի համար շատ առաջնային են և մեր նպատակը յատկապէս մարզերը ներգրաւելն է, որովհետև այնտեղ պէտք են նման ծրագիրներ:
Փայտարուեստի թանգարանի հաւաքածոն յետագային եւս կ՛ամբողջանայ նոր աշխատանքներով, որոնք ակնառու կերպով կը ներկայացնեն մարդու գեղարուեստական ստեղծագործութեան ոլորտներէն մէկը, որ սերտօրէն կապուած է բնութեան ամենակենդանի նիւթի` փայտի հետ: Թանգարանէն ներս ներկայացուած իւրաքանչիւր աշխատանք այցելուին կրնայ շատ բան պատմել ժամանակի և կեանքի մասին: Յիշեցնենք, որ թանգարանը կը գտնուի Կեդրոն վարչական շրջան Պարոնեան փողոց 2-րդ շէնքի 1-ին յարկը :
Հեռ. +374-10-532461 – Ել. հասցէ. info@artwood.am