ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան եւ Երեւանի քաղաքապետարանի նախաձեռնութեամբ` երեւանաբնակ պարտադիր ժամկետային զինծառայողներու շուրջ 1600 ծնողներ Հոկտեմբեր 28-ին այցելած են սահմանամերձ զօրամասերու մէջ ծառայող իրենց զաւակներուն:
Պաշտպանութեան նախարարութենէն նշած են, որ զինծառայողներու հետ հանդիպման մեկնած են նաեւ ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանը եւ Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանը:
Վիգէն Սարգսեանը նշած է, որ ծրագիրը իսկապէս սպասուած է ու անհրաժեշտ, եւ այս տարի Գիւմրիի եւ Վանաձորի քաղաքապետարանները եւս ցանկութիւն յայտնած են հանդէս գալու նման նախաձեռնութեամբ:
2013-էն մինչեւ այսօր ծրագրի ծիրէն ներս արդէն աւելի քան 9000 ծնողք հնարաւորութիւն ունեցած է այցելելու իրենց զինծառայող որդիներուն:
Արցախի մէջ պաշտօնական հանդիպումներու ընթացքին Վիգէն Սարգսեան քննարկած է բանակաշինութեան վերաբերող հարցեր:
Նորաւարտ սպաներու հետ հանդիպման ժամանակ Վիգէն Սարգսեան պարզաբանումներ տուած է նաեւ հանրային լայն հնչեղութիւն ստացած «Զինուորական ծառայութեան եւ զինծառայողներու կարգավիճակի մասին» օրէնքի նախագիծին վերաբերեալ` հաւաստիացնելով, որ բոլոր փոփոխութիւնները ունին մէկ վերջնական նպատակ` ամրապնդել երկրի պաշտպանունակութիւնը, կատարելագործել հակառակորդին զսպելու մեքանիզմները եւ բարձրացնել զինծառայողներու իրաւական ու ընկերային պաշտպանուածութեան մակարդակը:
Վիգէն Սարգսեան ծանօթացած է Ստեփանակերտի մէջ Ազատամարտիկներու այգիի կառուցման աշխատանքներու ընթացքին եւ նկատած, որ հանգիստի գօտին պիտի դառնայ հայկական երկու մայրաքաղաքներու միջեւ ձեւաւորուած արդիւնաւէտ համագործակցութեան խորհրդանիշներէն մէկը: