Ուրբաթ, 16. 05. 2025

spot_img

Խմբագրատանս Մէջ Հայրենիքի Զբօսաշրջութեան Զարգացման Ի Խնդիր, Օրն Ի Բուն Պատնէշի Վրայ Երկու Սիրելի Անձնաւորութիւններու Հետ

Պետական պատուիրակութեամբ մը Լիբանան գտնուող Հայաստանի Զբօսաշրջութեան Պետական Կոմիտէի նախագահ Զարմինէ Զէյթունցեան եւ Հայաստանի Զբօսաշրջութեան Զարգացման Հիմնադրամի տնօրէն Արա Խզմալեան «Զարթօնք»-ի խմբագրատուն իրենց այցելութեամբ պատուեցին մեզի: Իրենց կ՛ընկերակցէր ընկ. Միքայէլ Վայէճեան:

Մտերմիկ հանդիպումը առիթ մըն էր՝ արծարծելու Հայրենիքի զբօսաշրջութեան զարգացման հետ կապուած կարեւոր հարցեր:

«Ես կը կարծեմ Հայրենի պետութեան կողմէ Զբօսաշրջութեան Պետական Կոմիտէի ստեղծումը մեծ քայլ էր, որովհետև մինչ այդ կար միայն զբօսաշրջութեան բաժին, տնտեսութեան զագացման և ներդրումներ նախարարութեան կազմի մէջ, բայց հիմա այն դարձաւ կոմիտէ, որ մէկ քայլ արդէն վեր է: Հակառակ այն իրողութեան, որ նոյնպէս կը գտնուինք տնտեսութեան զարգացման և ներդրումներոագործենք նախարարութեան ուժաղբիւրները: Ինքը՝ վերջերս Հայաստանի մէջ մեծ մրցանիշ արձանագրող զբօսաշրջութիւնը կ՛արտայայտէ: Մենք շատ ներդրողներ ունինք, որ կու գան մեր քով հարցեր կու տան և մենք զանոնք կ՛ուղղորդենք»,- աւելցուց տիկին Զարմինէ Զէյթունցեան:

Ըստ մեր հիւրերուն՝ Լիբանանի Զբօսաշրջիկութեան նախարար Պրն. Աւետիս Գիտանեանի կազմակերպած գիտաժողովին քանի մը մեծ զբօսաշրջիկութեան մարզութեան աշխատողներուն անոնք ներկայացուցած են Հայաստանը,  խօսելով արկածային զբօսաշրջութենէն սկսած, մինչև հայրենիքի կենսոլորտային զբօսաշրջիկութեան մասին: Հայաստան ունի շատ հետաքրքիր թռչնադիտում, որ այսօր ամենայայտնի զբօսաշրջութեան ձեւերէն մէկն է, իր խտութեամբ Հայաստանը Եւորպայի ամենաշատ թռչնատեսակներ ունեցող երկիրներէն մէկն է: Անոնք ներկաներուն խօսած են նաև Ճանապարհորդական զբօսաշրջութեան մասին, բնապահպանական զբօսաշրջութեան, առողջապահական զբօսաշրջութիւն`յատկապէս ատամնաբոյժութեան եւ մարմնաբուժութեան մարզերէն ներս: Արծարծած են նաեւ ընկերութիւններու զբօսաշրջութեան մասին: «Մէկ խօսքով մեծ հնարաւորութիւն ունինք»,- հաստատեց տիկին Զէյթունցեան:

Գտնուելով խմբագրատան մը յարկին տակ՝ տիկին Զէյթունցեան յայտնեց իր ցանկութիւնը հրաւիրելու լրագրողներ որոշ երկիրներէ՝ որպէս զբօսաշրջիկներ և անոնց ծանօթացնելու Հայաստանը, որպէսզի անոնք  շրջին մեր երկրին մէջ ու գրեն անոր գեղեցկութեան ու կարելիութեան մասին:

Տիկին Զէյթունցեանի եւ Պրն. Խզմալեանի մեր խմբագրատունը այցելութիւնն ու իրենց հետ ունեցած մեր զրոյցը եւ ի տես իրենց եռանդին ու մղուածութեան, մեզի աւելի եւս ներշնչեց ու վստահեցուց, որ Հայրենիքի զարգացման ապագան աւելի քան յուսալից է եւ լաւ ձեռքերու մէջ:

«Խմբ.»

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին