Հինգշաբթի, 17. 04. 2025

spot_img

Խմբագրատանս Մէջ Հայրենիքի Զբօսաշրջութեան Զարգացման Ի Խնդիր, Օրն Ի Բուն Պատնէշի Վրայ Երկու Սիրելի Անձնաւորութիւններու Հետ

Պետական պատուիրակութեամբ մը Լիբանան գտնուող Հայաստանի Զբօսաշրջութեան Պետական Կոմիտէի նախագահ Զարմինէ Զէյթունցեան եւ Հայաստանի Զբօսաշրջութեան Զարգացման Հիմնադրամի տնօրէն Արա Խզմալեան «Զարթօնք»-ի խմբագրատուն իրենց այցելութեամբ պատուեցին մեզի: Իրենց կ՛ընկերակցէր ընկ. Միքայէլ Վայէճեան:

Մտերմիկ հանդիպումը առիթ մըն էր՝ արծարծելու Հայրենիքի զբօսաշրջութեան զարգացման հետ կապուած կարեւոր հարցեր:

«Ես կը կարծեմ Հայրենի պետութեան կողմէ Զբօսաշրջութեան Պետական Կոմիտէի ստեղծումը մեծ քայլ էր, որովհետև մինչ այդ կար միայն զբօսաշրջութեան բաժին, տնտեսութեան զագացման և ներդրումներ նախարարութեան կազմի մէջ, բայց հիմա այն դարձաւ կոմիտէ, որ մէկ քայլ արդէն վեր է: Հակառակ այն իրողութեան, որ նոյնպէս կը գտնուինք տնտեսութեան զարգացման և ներդրումներու նախարարութեան մէջ, բայց ինքը պետական կոմիտէ է այլեւս, մակարդակը աւելի բարձր է, լիազօրութիւնները աւելի բարձր են և պարտականութիւնները աւելի շատ են քան նախկինին»,- մեզի յայտնեց տիկին Զարմինէ Զէյթունցեան:  

Մեր հարցումին, թէ ի՛նչ է կոմիտէութեան աշխատանքային դաշտը այսօր, տիկին Զէյթունցեան ազնուութեամբ պատասխանեց.  «Քանի որ մեր գործը աւելի քաղաքական պետական գործ է, մենք կ՛աշխատինք ռազմավարութիւն մշակել, միջազգային կազմակերպութիւններու հետ աշխատիլ, զբօսաշրջութեան բոլոր կազմակերպութիւններուն ներգրաւել, օրէնքներ գրել»:

Պրն. Արա Խզմալեան իր կարգին յայտնեց, որ Հայաստանի Զբօսաշրջութեան Զարգացման հիմնադրամը արդէն քանի մը ամիս է ստեղծուած է.  «Այնտեղ արդէն կ՛աշխատին մարքեթինկի ու հանրային կապերու (PR) մասնագէտներ»,- աւելցուց ան:  

«Այսինքն՝ ծրագիրը միասին կը մշակենք,  իրենք կը հաստատեն, որովհետև իրենց ոլորտին աւելի ծանօթ են և փորձառու։ Ապա Վարչապետի ու կառավարութեան կողմէ կը ստանանք ուղղութիւնները  և  այս ամէնը միաւորելով՝ մենք ռազմավարութիւն կը մշակենք, յետոյ այդ ռազմավարութիւնը կ՛իրականացնէ հիմնադրամը»,- պարզաբանեց տիկին Զէյթունցեան:

«Մենք գտնուելով նախարարութեան համակարգին մէջ՝   յաճախ կ՛օգտագործենք նախարարութեան ուժաղբիւրները: Ինքը՝ վերջերս Հայաստանի մէջ մեծ մրցանիշ արձանագրող զբօսաշրջութիւնը կ՛արտայայտէ: Մենք շատ ներդրողներ ունինք, որ կու գան մեր քով հարցեր կու տան և մենք զանոնք կ՛ուղղորդենք»,- աւելցուց տիկին Զարմինէ Զէյթունցեան:

Ըստ մեր հիւրերուն՝ Լիբանանի Զբօսաշրջիկութեան նախարար Պրն. Աւետիս Գիտանեանի կազմակերպած գիտաժողովին քանի մը մեծ զբօսաշրջիկութեան մարզութեան աշխատողներուն անոնք ներկայացուցած են Հայաստանը,  խօսելով արկածային զբօսաշրջութենէն սկսած, մինչև հայրենիքի կենսոլորտային զբօսաշրջիկութեան մասին: Հայաստան ունի շատ հետաքրքիր թռչնադիտում, որ այսօր ամենայայտնի զբօսաշրջութեան ձեւերէն մէկն է, իր խտութեամբ Հայաստանը Եւորպայի ամենաշատ թռչնատեսակներ ունեցող երկիրներէն մէկն է: Անոնք ներկաներուն խօսած են նաև Ճանապարհորդական զբօսաշրջութեան մասին, բնապահպանական զբօսաշրջութեան, առողջապահական զբօսաշրջութիւն`յատկապէս ատամնաբոյժութեան եւ մարմնաբուժութեան մարզերէն ներս: Արծարծած են նաեւ ընկերութիւններու զբօսաշրջութեան մասին: «Մէկ խօսքով մեծ հնարաւորութիւն ունինք»,- հաստատեց տիկին Զէյթունցեան:

Գտնուելով խմբագրատան մը յարկին տակ՝ տիկին Զէյթունցեան յայտնեց իր ցանկութիւնը հրաւիրելու լրագրողներ որոշ երկիրներէ՝ որպէս զբօսաշրջիկներ և անոնց ծանօթացնելու Հայաստանը, որպէսզի անոնք  շրջին մեր երկրին մէջ ու գրեն անոր գեղեցկութեան ու կարելիութեան մասին:

Տիկին Զէյթունցեանի եւ Պրն. Խզմալեանի մեր խմբագրատունը այցելութիւնն ու իրենց հետ ունեցած մեր զրոյցը եւ ի տես իրենց եռանդին ու մղուածութեան, մեզի աւելի եւս ներշնչեց ու վստահեցուց, որ Հայրենիքի զարգացման ապագան աւելի քան յուսալից է եւ լաւ ձեռքերու մէջ:

«Խմբ.»

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին