Ֆրանսայի մէջ գործող հայկական «Շէն» միութեան աջակցութեամբ եւ ֆրանսահայ Աննիկ, Արթին ու Կարպիս Մկրտչեաններու նիւթական օժանդակութեամբ` Հոկտեմբեր 23-ին, բացուած է Մարտակերտի Վլադիմիր Բալայեանի անուան թիւ 1 միջնակարգ դպրոցի վերանորոգուած մարզադահլիճը:
Ըստ «Արցախփրես»-ի՝ դպրոցի տնօրէն Լիտիա Պետրոսեան ըսած է, որ մարզադահլիճը վերանորոգուած է ժամանակակից պայմաններուն համապատասխան:
«270 քառ./մ մակերեսով մարզադահլիճը ունի հանդերձարաններ, տաք եւ պաղ ջուր, առանձին լոգախցիկներ, զուգարաններ եւ մարզադահլիճի համար անհրաժեշտ պարագաներ,- ըսած է Լ. Պետրոսեան եւ աւելցուցած,-մենք մեր երախտագիտութիւնը կը յայտնենք բոլոր այն բարերարներուն, որոնք իրենց ներդրումը կը բերեն Արցախի շէնացման գործին: Ուրախ ենք, որ այսուհետ մեր աշակերտները սիրով ու հաճոյքով պիտի մտնեն վերանորոգուած մարզադահլիճ»:
Լուսանկարը` Մարտակերտի շրջանի «Ջրաբերդ» պաշտօնաթերթին