Չորեքշաբթի, 21. 05. 2025

spot_img

Վանի Արճէշ Գաւառին Մէջ Գտնուող Արծուաբեր Վանքը Վերջնականապէս Անհետանալու Վտանգի Տակ է

Վանի Արճէշ գաւառի, Սալմանաղա թաղամասին մէջ գտնուող հայկական Արծուաբեր վանքը վերջնականապէս անհետանալու վտանգի տակ է: Գանձագողերը տասնեակ խոր փոսեր փորած են վանքին մէջ, իսկ տեղի բնակիչները իրենց աղբը կը լեցնեն այնտեղ: Այդ մասին կը հաղորդէ Akunq.net-ը՝ վկայակոչելով Gazetekarinca.com լրատուական կայքէջը:

Ըստ կայքին` հայկական աղբիւրներու մէջ նշուած է, որ սոյն վանքը կառուցուած է 7-րդ դարու առաջին կէսին կամ 8-րդ դարուն իշխան՝ Մժեհ Գնունիի (637-ին) կամ Արճէշի հոգեւոր առաջնորդ՝ Եղիա Արճեշցիի (703-717 թուականներուն) կողմէ, եւ եղած սոյն շրջանի 3 ամենանշանաւոր վանքերէն մէկը:

1393-ին եկեղեցւոյ վանական դպրոցը ունեցած է 60 աշակերտ, իսկ 1409-1414 թուականներուն` վանահայր Կարապետի օրօք, վերականգնուած է: Վանքի գմբէթը մասամբ փլած է 19-րդ դարու առաջին կէսին, սակայն` վերստին կառուցուած: Աղբիւրը նաեւ կը յայտնէ, որ վանքը 1896 եւ 1915 թուականներուն յարձակման ենթարկուած է, ամենայն հաւանականութեամբ` քիւրտերու կամ թուրքերու կողմէ:

Արծուաբեր վանքը թուրքերու կողմէ զաւթուած է Առաջին աշխարհամարտէն եւ Հայոց Ցեղասպանութենէն անմիջապէս յետոյ: Վանքի պարիսպներն ու խաչքարերը եւ կից կառոյցները ամբողջովին աւերուած են, եւ փաստօրէն մնացած աւերակները եւս լիովին անհետանալու վտանգի տակ են:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին