«Արմենիա» օդանաւային ընկերութիւնը, Ամանորին ընդառաջ, մշակած է նոր սակագնային քաղաքականութիւն: Ընկերութեան դէպի Հայաստան բոլոր կանոնաւոր չուերթերու տոմսերը պիտի ըլլան մատչելի, կը հաղորդէ «Փանարմինիըն»-ը::
Ամանորի նորամուծութիւնը Պէյրութ-Երեւան եւ հակառակ ուղղութեան համար հաստատուած նոր սակերն են: Յատկանշական է, որ դեռ քանի մը տարի առաջ այս ուղղութեամբ տոմսերու գիները ամրան եւ Ամանորի եղանակին շատ բարձր էին` հասնելով մինչեւ 500 եւրոյին համարժէք դրամի: Դեկտեմբեր 18-էն Պէյրութէն Երեւան չուերթերու տոմսերը հասանելի պիտի ըլլան 140 եւրոյին համարժէք դրամով, իսկ՝ Երեւանէն Պէյրութ տոմսերը` սկսած 148 եւրոյով:
«Այս կերպով մենք կը փորձենք մեր ներդրումը ունենալ զբօսաշրջութեան զարգացման գործին: Կը ցանկանք, որ նշուած երկիրներէն մեր ազգակիցներն ու զբօսաշրջիկները ժամանեն Հայաստան եւ դիմաւորեն Նոր Տարին այստեղ», – նշած է ընկերութեան փոխտնօրէն Գէորգ Խաչատրեան: