*ՆՈՐԱՅՐ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ*
«Զարթօնք»ի Արցախի Աշխատակից
Մենք Ձեզի Հետ Ենք. Արցախ Այցելած՝ Մեքսիքացի Պատգամաւորներ
Առաջին անգամ ըլլալով, Արցախ հիւրընկալուած են՝ մեքսիքացի խորհրդարանականներ: Մեքսիքացի պատգամաւորները երկիրի հետ ծանօթութիւնը սկսած են «Մենք ենք մեր սարերը» յուշարձանի այցելութենէն:
Մարիա Քրիստինան, Արցախը խորհրդանշող յուշարձանի հետ լուսանկարուած է, ու գաղտնազերծած՝ Արցախէն ինչ յուշանուէրներ գնած է: Արցախը խորհրդանշող յուշանուէրներու քովէն՝ անտարբեր չանցան նաեւ իր գործընկերները: Քառլոս Էռնանդէս Պապիկ-Տատիկի պատկերով երկու մանկական շապիկ գնած է: «Երկու շապիկ, քանի որ երկուորեակ ունիմ: Վստահ եղէք, որ երկու մեքսիքուհիներու կը հասնին Արցախը խորհրդանշող այս շապիկները»,- կը պատմէ Մեքսիքա-Հայաստան բարեկամական խումբի անդամ Քառլոս Էռնանդէս Միրոն:
Արդեօ՞ք մտավախութիւն չունին, որ Արցախ այցելելով Պաքուի սեւ ցուցակին կը յայտնուին, հարցին ի պատասխան՝ մեքսիքացի օրէնսդիրներու լաւատեսութիւնն է: «Մեր հայ գործընկերները մեզի նախօրոք զգուշացուցած են, որ կրնայ նման խնդիրներ ծագիլ: Սակայն, որպէս Մեքսիքա-Հայաստան բարեկամական խումբի անդամներ եւ որպէս օրէնսդիրներ՝ մենք պարտաւոր էինք ըլլալ այստեղ: Կը կարծեմ, բոլոր պետութիւններն ալ այդ հաշուի կ՛առնեն եւ ըմբռնումով կը մօտենան մեր այցին»,- լաւատես է Մարիա Քրիստինան: Մեքսիքացի պատգամաւորները եւ իրենց միացած հայ գործընկերները Ստեփանակերտի յուշահամալիրի մէջ ծաղիկներ զետեղած են: Պատգամաւորները այլեւս լաւ գիտեն՝ գինը, որ արցախցիները վճարած են անկախ ապրելու համար:
Մեքսիքացի գործընկերներուն Արցախ ուղեկցած է՝ Էտուարդ Շարմազանով: «Քանի դեռ Արցախը միջազգային ճանաչման խնդիր ունի՝ ՀՀ Խորհրդարանը պէտք է ինքը աշխոյժ ըլլայ տարբեր մակարդակներու Արցախի համար համախոհեր ու կողմնակիցներ փնտռելու: Պէտք է նոր գործընկերներ գտնենք, անոնց Արցախ հրաւիրենք, որ Արցախի իրավիճակին ծանօթանան, Արցախի մասին ճշմարտութիւնը գիտնան եւ այդ ճշմարտութիւնը իրենց երկիրներու մէջ ներկայացնեն»,- նախաձեռնութեան հիմքերը կը ներկայացնէ ՀՀ ԱԺ փոխնախագահ Էտուարդ Շարմազանով:
Մեքսիքա-Հայաստան բարեկամութեան խումբի պատգամաւորներուն Ազգային Ժողովի նախագահը ընդունած է: Ապա՝ հիւրերու հետ հանդիպած են Արցախի խորհրդարանական ուժերու ներկայացուցիչներ: Արցախի մէջ իրենց տեսածէն զարմացած՝ շատ հանդարտ է, մարդիկ ոչ թէ պատերազմի մասին կը խօսին, այլ՝ խաղաղութեան: «Թող բոլորը գան եւ տեսնեն: Միայն այդ բանի մասին պէտք է խօսիլ՝ եւ բարձրաձայն, որ բոլորը գիտնան: Ես անգամ պատրաստ եմ, իմ յառաջիկայ արձակուրդը ընտանիքիս հետ այստեղ անցնել»,- զարմանքը չէ պահած Մեքսիքա-Հայաստան բարեկամական խումբի անդամ՝ Քառլոս Էռնանդէս Միրոն:
Արցախէն ստացած տպաւորութիւնները մեքսիքացի պատգամաւորները կը պատրաստուին ամենէ առաջ Մեքսիքայի իշխանութեան հասցնել, ե՛ւ օրէնսդիր, ե՛ւ գործադիր: «Մենք կը փոխանցենք մեր տպաւորութիւնները, այն խաղաղասիրութիւնը, որ տեսանք ձեր երկիրի մէջ եւ կը ներկայացնենք մեր գործընկեր պատգամաւորներուն, նաեւ՝ արտաքին յարաբերութիւններու պատասխանատուներուն»,-կը խոստանայ Մարիա Քրիստինա Թերեսա Գարսիա Պրաւոն: Իսկ Քառլոս Էռնանդէս Միրոն գործադիրին ներկայացնելիք փաստաթուղթի մասին կը խօսի. «Մենք հաւանաբար մէկ փաստաթուղթ կը պատրաստենք եւ կ՛ուղղենք մեր արտգործնախարարութեան՝ որպէս ընտրուած պատգամաւորներ ներկայացնելով Արցախի մեր տպաւորութիւնները եւ մեր մօտեցումները այս հարցի շուրջ»: Իսկ մօտեցումները Մեքսիքայի քաջ ծանօթ են եւ ամրագրուած՝ այդ պետութեան գաղափարախօսութեան մէջ, կը վստահեցնէ Մեքսիքա-Հայաստան բարեկամական խումբի նախագահը: Մենք կը հաւատանք ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքին, մարդու իրաւունքներու յարգելուն եւ յարգանք ունինք խաղաղութեան հանդէպ: Այնպէս որ՝ ձեր պայքարին մէջ մենք ձեզի հետ ենք»,- արցախցի խորհրդարանականներու հետ հանդիպման ընթացքին վստահեցուցած է Պլանքա Տոմինկէսը:
Արցախ այցելած մեքսիքացի պատգամաւորները հանդիպումներ ունեցած են նաեւ Արցախի նախագահի, պետական նախարարի եւ արտգործնախարարու հետ: Հանդիպումներու ընթացքին քննարկուած են տարբեր մակարդակներու եւ տարբեր ոլորտներու Մեքսիքայի եւ Արցախի միջեւ յարաբերութիւններու հասատատման հետ կապուած հարցեր:
20-Է Աւելի Բնակարան՝ Բազմազաւակ Ընտանիքներու Համար. Ծրագիրը Կը Շարունակուի
Կը շարունակուի «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի՝ բազմազաւակ ընտանիքներու բնակարանային պայմաններու բարելաւման ծրագիրը: Այս ծրագիրով՝ Արցախի մէջ արդէն երկու տասնեակ տարիէ աւելի, բազմազաւակ ընտանիքներ նորակառոյց առանձնատուներով կ՛ապահովուին: Մօտեցող Հեռուստամարաթոն-2017-ին ընդառաջ՝ մէջտեղ կը բերուին ընթացիկ ծրագիրներու արդիւնքները:
Բնակարանամուտի առթիւ շնորհաւորանքներով՝ Հայաստան համահայկական հիմնադրամի ներկայացուցիչները Հատրութի շրջանի հեռաւոր գիւղերէն մէկը՝ Խանձաձոր հասած են: Շնորհաւորանքներու հերթական հասցէատէրը Քարամեաններու ընտանիքն է: «Վեց երեխայ ունիմ: Յասմիկը, Յովիկը, Մանուշը, Լիլիթը, Միլենան եւ Աւագը»,- կը թուարկէ բազմազաւակ հայրը՝ Լեռնիկ Քարամեան: Անմիջապէս ընտանիքի փոքրիկի՝ Աւագի ծնունդէն ետք Քարամեաններ աւետիսը ստացած են: «Գիւղապետը կանչեց ու տեղեկացուց, որ 6 երեխայ ունեցող ընտանիքներու համար տուներ կը կառուցուին. մեր ընտանիքն ալ ընդգրկուած է այս ծրագիրին»,- նախապատմութիւնը կը յիշէ ընտանիքի հայրը:
Շինարարութիւնը սկսաւ անմիջապէս: Տարիներու երազանքը իրականութիւն դարձաւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի ծրագիրի նախաձեռնութեամբ: Բանալիները ընտանիքի հօրը յանձնած է Հիմնադրամի՝ Արցախի ծրագիրներու ղեկավար՝ Վալերի Ղազարեան: Բնակարանի շինարարութեան եւ կահաւորման աջակցած է Գրիգորեաններու ընտանիքը՝ հեռաւոր ԱՄՆ-էն: Երեխաները արդէն հասցուցած են որոշել՝ ննջասենեակներէն եւ մահճակալներէն որ մէկը՝ որու բաժին պիտի ելլէ: «Այս սենեակի մէջ երեք հոգիով տեղաւորուելու ենք,- կը պատմէ երեխաներէն մեծը՝ Յասմիկը,- ես, Միլենան եւ փոքր եղբայրս՝ Աւագը: Ննջարանը ոչ միայն մահճակալներ կան, այլ նաեւ գրասեղան ու աթոռ, գրադարակ ու պահարան՝ մեր հագուստներու եւ իրերու համար»: Երեք ննջասենեակ, մեծ ու լուսաւոր հիւրասենեակ, խոհանոց: Եւ բոլորը՝ կահաւորուած: Տանտիրուհին ուրախութիւնը չի պահեր: «Մինչ այդ՝ կեանքի մէջ բազում դժուարութիւններ ունեցած ենք, մէկ կողմէ տունի չգոյութիւնը, միւս կողմէ՝ պայմանները լաւ չէին: Նոր տանը մէջ այդ խնդիրները չեն ըլլար: Ննջարանները, հիւրասենեակը, խոհանոցը, ամբողջ տունը կահաւորուած, պատրաստ է»,- կը թուարկէ եւ ցոյց կու տայ ընտանիքի մայրը՝ Արմինէ Սարմազեան:
Աշխատանքի որակէ գոհ են նաեւ Հիմնադրամի պատասխանատուները: Առանձնատունը կառուցուած է տիպային նախագիծով, եւ հակառակ հեռաւորութեան հետ կապուած դժուարութիւններուն՝ յաջողուած է նախագիծի մէջ հաստատուած բոլոր չափորոշիչները պահպանել, կը վստահեցնէ՝ Վալերի Ղազարեան: «Այս առանձնատունը որոշուեցաւ փոքր իւրայատուկ տեսքով կառուցել՝ կրող պատերը՝ անտաշ քարէ: Ի պատիւ շինարարութիւնը իրականացուցած «Քիրս» ԱԿ-ի, պէտք է ըսեմ, որ ամէն ինչ կատարուած է բաւական բարձր մակարդակով, ինչը, շինանիւթի շուկայէն Խանձաձորի հեռաւորութիւնը հաշուի առնելով, իսկապէս դժուար գործ եղած է»,- կը գնահատէ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Արցախի ծրագիրներու պատասխանատու՝ Վալերի Ղազարեան:
Սովորաբար նոյնանման առանձնատուներու համար 23-25 միլիոն դրամ կը պահանջուի: Տեղի բարդութեան պատճառաւ՝ այս առանձնատան շինարարութիւնը եւ կահաւորումը 27 միլիոն դրամ արժեց: Նաեւ՝ ոչ հեռու փակ աւազան կառուցուած է՝ կոյիւղաջուրերու համար:
Խանձաձորի մէջ արդէն երկրորդ ընտանիքի համար է, որ Հիմնադրամի ծրագիրով բնակարան կառուցուած է: Գիւղի մէջ կատակ կ՛ընեն՝ հիմնադրամի ծրագիրով նոր առանձնատուներ ստացած՝ երկու ընտանիքներէն են գիւղի դպրոցի 17 աշակերտներէն 12-ը: Խանձաձորի մէջ կ՛ուրախանան հերթական առանձնատան կառուցման փաստով եւ գաղտնազերծման՝ հեռանկար կայ, որ համայնքէն նորէն բազմազաւակ ընտանիքներ կը ներառուին այս ծրագիրին: Կառուցուող ամէն տան հետ՝ կ՛աւելանան Խանձաձորը վաղը աւելի զարգացած ու ամրացած տեսնելու յոյսերը եւ նաեւ՝ անոնց հասնելու ծրագիրները: «Տնամերձը տակաւին անխնամ է, բայց ան երկար պարապ չի մնար: Այստեղ այգի պիտի տնկեմ՝ խնձորի, դեղձի, սալորի ծառերով: Մի քանի տարի ետք՝ երեխաներս արդէն մեր այգիի պտուղը կ՛ունենան»,- կը վստահեցնէ Լեռնիկ Քարամեան:
Անցեալ շաբթուայ ընթացքին, կարմիր ժապաւէն կտրելու առիթներ եղան Արցախի գրեթէ բոլոր շրջաններու մէջ: «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի ծրագիրի շնորհիւ առանձնատուներ կառուցուած են եւ արդէն տէրերուն յանձնուած՝ Մարտունի շրջանի Վարանդա գիւղի մէջ՝ հիմնադրամի մեծ նուիրատուներէն ամերիկաբնակ՝ Անդրանիկ Պաղտասարեանի հովանաւորութեամբ, Շահումեանի շրջանի Չարեքտար գիւղի մէջ՝ ամերիկահայ բարերար՝ Ջերրի Թրփանճեանի հովանաւորութեամբ: Վալերի Ղազարեանի վիճակագրութիւնը ծրագիրի մեկնարկէն ի վեր կ՛ամբողջացնէ, թէ Արցախի մէջ քանի ընտանիք ներառուած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի՝ բազմազաւակ ընտանիքներու բնակարանային պայմաններու բարելաւման ծրագիրի մէջ: «Աւելի շուտ՝ Մարտունիի շրջանի մէջ եղած ենք: Հատրութի շրջանի Խանձաձոր գիւղի մէջ վերջացաւ այս ծրագիրի շրջանակներուն կառուցուող 18-րդ տան շինարարութիւնը, եւս երկու առանձնատուն Շահումեանի շրջանի Չարեքտար գիւղի մէջ յանձնուեցաւ շահառուներուն: Նաեւ Քաշաթաղի շրջանի Վուրգավան համայնքի մէջ կարմիր ժապաւէն կտրած ենք: Եւս 2 առանձնատուն շահագործման կը յանձնուի եկող 10-15 օրուայ ընթացքին,- կը թուարկէ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Արցախի ծրագիրներու պատասխանատու՝ Վալերի Ղազարեան եւ աւելցնելով՝ ծրագիրը դեռ կը շարունակուի,- այժմ դեռ 11 առանձնատան շինարարութիւնը ընթացքի մէջ է»:
Այժմ Հիմնադրամի ծրագիրներու ծիրէն ներս՝ Արցախի մէջ կը կառուցուին նաեւ դպրոցներ եւ համայնքային կեդրոններ: Հին ծրագիրները՝ կը շարունակուին, կը նախանշուին նորերը: Նոյեմբերի վերջը Հեռուստամարաթոն-2017-ը տեղի կ՛ունենայ: Այս անգամ ուշադրութեան կեդրոնը Արցախի մէջ ոռոգման համակարգի ընդլայնումը եւ արեւային ուժի կայաններու հիմնադրման ծրագիրները կ՛ըլլան:
Ստեփանակերտ