Երէկ, Հոկտեմբեր 27-ի ողբերգութեան տարելիցն էր: Ազգային Ժողովի այսօրուան նիստի աշխատանքները սկսելէն առաջ՝ պատգամաւորները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին ոճրագործութեան զոհերուն յիշատակը:
«18 տարի առաջ ՀՀ Ազգային ժողովի շէնքին մէջ տեղի ունեցաւ ոճրագործութիւն, որ ԱԺ նախագահ Կարէն Դէմիրճեանի, վարչապետ Վազգէն Սարգիսեանի, ԱԺ փոխնախագահ՝ Եուրի Բախշեանի, Ռուբէն Միրոյեանի, պատգամաւորներ՝ Միքայէլ Քոթանեանի, Արմենակ Արմենակեանի, Հենրիկ Աբրահամեանի, նախարար՝ Լէոնարտ Պետրոսեանի կեանքը տարաւ»,- ըսած է Արա Բաբլոյեան:
18 տարի առաջ, այս օրը` Հոկտեմբեր 27-ին, խումբ մը ահաբեկիչներ` Նայիրի Յունանեանի գլխաւորութեամբ, մտան ՀՀ Ազգային ժողով, ուր տեղի կ՛ունենար Կառավարութիւն-ԱԺ հարցուպատասխանը եւ գնդակահարեցին գործադիր եւ օրէնսդիր իշխանութեան առաջին դէմքերը: