Ուրբաթ, 11. 10. 2024

spot_img

Խոստումնազանցութիւնը՝ Պաքուի Քաղաքականութեան Հիմքին Մէջ

*Նորայր Յովսէփեան*
«Զարթօնք»ի Արցախի Աշխատակից

Ժընեւի մէջ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներու հանդիպումէն ետք եւ արտգործնախարարներու սպասուող հանդիպմանը ընդառաջ՝ Արցախի սահմաններուն հակառակորդը հերթական նենգութիւնները կը ձեռնարկէ: Հոկտեմբեր 19-ին հակառակորդի կրակոցէն պաշտպանութեան բանակի զինծառայողը զոհուեցաւ: Իսկ հոկտեմբեր 22-ին հակառակորդը հակամարտ զօրքերու շփման գիծին հրետանային զինատեսակներ գործած է:

Ժընեւի մէջ Իլհամ Ալիեւը յանձն առաւ քայլեր ձեռնարկել շփման գիծի մէջ, իրավիճակը հաստատելու ուղղութեամբ, իսկ առաջնագիծին ատրպէյճանական բանակը կ՛աւելցնէ խախտումներու հակասութիւնը, մեծցնելով օգտագործուող զինատեսակներու տրամաչափը: «Արդէն ժամանակն է, որ մենք գիտնանք, որ գործ ունինք մէկ պետութեան հետ, որուն ղեկավարը չ՛ամչնար միջնորդներու ներկայութեամբ պարտաւորութիւն մը ստանձնել եւ իր երկիրը վերադառնալով՝ պայմանաւորուածի հակառակը ընել»,- կ՛ընդգծէ Հոկտեմբեր 22-ին Արցախի պետական համալսարան, դասախօսութեամբ հադէս եկած ՀՀ ԱԺ պատգամաւոր՝ Միհրան Յակոբեան:

Հոկտեմբեր 22-ին, Ազրպէյճանի զինուած ուժերը հակամարտ զօրքերու շփման գիծի հիւսիւս-արեւելեան (Մարտակերտ-Մատաղիս) ուղղութեամբ օգտագործած են հրետանային զինատեսակներ, հայկական դիրքերու վրայ արձակելով ականանետի 5 արկ եւ «ՍՊԱՅԿ» տիպի մէկ հակատանկային հրթիռ: Արցախի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդագրութեան հետ նաեւ ըսուածի իրականութիւնը հաստատող տեսագրութիւն տարածած է: Արցախի Ազգային Ժողովի փոխնախագահը այդ անսպասելի չի համարէր: Բաքուն մէկ անգամ չէ, որ խախտած է պայմանաուորուածութիւնները: «Վերջին տասնամեակներու ընթացքին ատրպէյճանական իշխանութիւններու կողմէ հակահայկական քարոզչութիւնը այնքան մեծ թափ ստացած է, որ մտածեր, թէ  մէկ հանդիպման ընթացքին հնարաւոր կ՛ըլլայ բանակցութիւնները գործնական դաշտ տանիլ՝ ես թերահաւատ եմ»,- կը հիմնաւորէ Արցախի Խորհրդարանի փոխ նախագահ Վահրամ Բալաեան:

Ստեփանակերտի մէջ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման կողմնակից են, սակայն ներկայ վիճակը հաշուի առնելով՝ համոզուած են՝ այս պահուն Արցախի անվտանգութեան իրական երաշխաւորը, ոչ թէ տարբեր մակարդակներուն ձեռք բերուած եւ գրեթէ անմիջապէս ալ խախտուած պայմանաւորուածութիւններն են, այլ՝ փոսը կանգնած զինուորը: «Մեր հակառակորդը ցանկացած պահուն կրնայ նման քայլերու դիմել: Եւ մեր պետութեան անվտանգութեան երաշխաւորը մեր բանակն է»,- իրավիճակը առանց գունազարդման կը ներկայացնէ Վահրամ Բալաեան:

Ստեղծուած վիճակը Ստեփանակերտի միջնորդներու կտրուկ գնահատականը կը սպասեն: Ի վերջոյ, Պաքուն ոչ թէ պարզապէս Արցախի բանակի զինուորի վրայ կը կրակէ, այլ միջնորդներու ջանքերի դերեւ կը հանէ ստեղծելով տարածաշրջանի մնայուն վտանգ։ «Վերջին շրջանին նկատելի է, որ միջնորդները այլեւս չեն ձգտիր ամէն գնով կողմերու միջեւ հաւասարութեան նշան դնել եւ կը փորձեն գոնէ ժամանակ առ ժամանակ իրականութիւնը արձանագրել՝ մատնացոյց ընելով ճշգրիտ մեղաւորին, նենգութիւնները ձեռնարկողին,- կը կարեւորէ Արցախի Ազգային ժողովի փոխ նախագահը:- Կը կարծեմ՝ յատկապէս Ժնեւեան հանդիպումէն ետք կարեւոր է, որ միջնորդները հասցէական արձագանգեն, սաստեն նախայարձակին»: «Պաքուն ընդհուպ կը մօտենայ այն կարմիր գիծին, որմէ այն կողմ կրնայ որպէս՝ անյուսալի գործընկեր ճանչցուիլ միջազգային յարաբերութիւններու մէջ»,- կը նշէ ՀՀ ԱԺ պատգամաւոր Միհրան Յակոբեան:

Առայժմ միջնորդները կը լռեն: Պաքուին Արցախի Պաշտպանութեան բանակը կը նախազգուշացնէ: Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը ամենայն պատասխանատւութեամբ Պաքուի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան կը զգուշացնէ, որ նենգութիւնները շարունակուելու դէպքին պատասխանը ըլլալու է անհամարժէք եւ բաւական ցաւոտ, ըսուած է Արցախի պաշտպանութեան նախարարութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ:

Ստեփանակերտ

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին