Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար՝ Էլմար Մամետեարով, Հայաստանը հերթական անգամ մեղադրած է «գրաւեալ տարածքներուն մէջ սուրիացի գաղթականներ բնակեցնելու» յանցանքով:
Մամետեարով այս յայտարարութիւնը կատարած է Միջերկրական տարածաշրջանի հարցերուն նուիրուած միջազգային խորհրդաժողովի մը ընթացքին, որուն ներկայ եղած է նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար՝ Էտուարտ Նալպանտեան:
Մամետեարով յայտարարած է, թէ Հայաստան «կը շահագործէ մարդկային տառապանքը՝ ապօրինի նպատակներ իրագործելու համար», աւելցնելով. «Այդ քաղաքականութիւնը նպատակ ունի փոխել գրաւեալ տարածքներուն տնտեսական, մշակութային եւ ժողովրդագրական պատկերը, կանխելու համար ատրպէյճանցիներուն վերադարձը»։
Պաշտօնական տուեալներով, Սուրիայէն Հայաստան տեղափոխուած է՝ աւելի քան 22,000 սուրիահայ, որոնցմէ միայն քանի մը տասնեակը տեղափոխուած է Արցախ։
«Պաքուն աժան շահարկումներ ընելով՝ նպատակ ունի բոլորի ուշադրութիւնը շեղել Ատրպէյճանի համաշխարհային ստորացումէն՝ կապուած «ատրպէյճանական լուացքատան» գործով կաշառակերութեան եւ մարդկային իրաւունքի զանգուածային խախտման հետ», յայտնած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ՝ Տիգրան Բալայեան,արձագանգելով Մամետեարովի ելոյթին: