Շաբաթ, 09. 12. 2023

spot_img

“Բաց Դռներ”ու Միջոցառում ՝ Պէյրութի Վահան Թէքէեան Վարժարանի Մանկապարտէզի Մէջ

Պէյրութի Վահան Թէքէեան Վարժարանի Մանկապարտէզի 2017-2018 կրթական տարեշրջանի ծրագիրը կ՝ընդգրկէր՝ “Բաց Դռներ”ու միջոցառումի գործադրումը։ Հետեւաբար մանկապարտէզի  փոքրիկները, մի քանի օր առաջ իրենց պատրաստած ձեռայիններով հրաւիրած էին մամաները, որպէսզի՝ Հինգշաբթի, 19 Հոկտեմբեր 2017 առաւօտեան ժամը 7։30-ին, իրենց հետ միասին ներկայ գտնուին  դպրոց եւ դիտեն դասապահերը։

          Նախքան դասարանները մտնելը, ծնողները հանդիպում մը ունեցան Տնօրէնուհի՝ Տիկ․ Կալինա Նաճարեանի հետ։ Ան վստահեցնելով․ թէ “Բաց Դռներ”ու միջոցառումի իրագործումով,  համերաշխ ու գործակցական բարձր ոգիով, այս տարի անգամ մը եւս պիտի կարենանք յաջողութեամբ բոլորել մանկապարտէզի ծրագիրը՝ զանազան ուսուցման կեդրոններու գործածութեամբ, դաստիարակչական այցելութիւններ դպրոցէն դուրս ու մեծ  թիւով դաստիարակչական խաղալիքներ դասարաններէն ներս։ Մեր ուսուցիչներուն հետեւողական ինքնազարգացումն ու վերապատրաստումը, ինչպէս նաեւ սեմինարներու մասնակցութիւնը՝ թիրախ ունին  միշտ առաջնահերթ ըլլալու աշակերտներու տրուած դաստիարակութեան ու մանկավարժական կրթութեան մէջ։

          Մանկապարտիզպանուհի՝ Տիկ․ Վերա Հաննա իր կարգին բացատրեց՝ ուսուցման կեդրոններու նպատակն ու անոնց  օգտագործման  միջոցները, որպէսզի աշխատանքը ըլլայ աւելի արդիւնաբեր։ Լուսաբանեց նաեւ կարգ մը կրթական օրէնքներ։ Դիտեցին տեսերիզ մը (ուսուցման կեդրոններու օգտագործումը դասարաններէն ներս) խորագրով։

          Ծնողները մտան իրենց փոքրիկներուն դասարանները և ամենայն հետաքրքրութեամբ հետեւեցան իւրաքանչիւր դասաւանդութեան ներկայացման ձեւին և աշակերտներու մասնակցութեան հանգրուաններուն, նաեւ ուսուցման կեդրոններու օգտագործման ձեւերուն։

Բոլորին վարձքը կատար։

Վահան Թէքէեան Վարժարանի
Լրատուական Գրասենեակ

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին