Կիրակի, 09. 02. 2025

spot_img

Ի Պատասխան ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼ-ը Իւրացնելու Վատոգի Փորձին

ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

 

Սիրելի ընկերուհիներ եւ ընկերներ

«ՌԱԿ Մամուլ»ի յարգելի բարեկամներ

ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼ-ի նպատակը իր հիմնադրութեան առաջին իսկ օրէն եղած է եւ  է ազգային մեր յոյզերն ու յոյսերը տարածել աշխարհի չորս ծագերը՝ հրապարակելով Հայրենի թէ Սփիւռքահայ մտաւորականներու յօդուածները, հայրենիքի եւ զանազան գաղութներու վերաբերող լուրեր եւ թղթակցութիւններ, ինչպէս նաեւ ՌԱԿ-ի հետ առնչուող հաղորդագրութիւններ ու յայտարարութիւններ: 

ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼ իրեն վստահուած առաքելութիւնը կատարած է սիրով, լրջութեամբ եւ բծախնդութեամբ՝ արժանանալով մօտիկին ու հեռուին գնահատանքին:  ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼ միշտ ալ փորձած ինքզինքը վեր պահելով ներ-կուսակցական ցեխարձակումներէ:

Վերջերս սակայն ցաւով իմացանք ապա ստուգեցինք (կցուած գտնել ամօթալի փաստաթուղթը), որ մեր սիրելի կուսակցութեան անունը եւ խորհրդանշանները իւրացնող կողմին պատկանող մարդիկ վատոգի նոր գործողութեան մը եւս ձեռնարկած են իւրացնել փորձելով ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼ-ը, որուն գոյութեան, գոյատեւումին, աշխատանքներուն ու վերելքին ոչ միայն մասնակցած կամ նպաստած չեն, այլ ամէն առիթով անիրաւաբար ու անխնայ հարուածած են զայն ու անոր ետին կանգնողները:

Մենք բնականաբար անցած ենք արդէն հակադարձի վերականգնելու այն ինչ, որ կը փորձուի ամենավատ կերպով իւրացուիլ: Ինչպէս նաեւ կ՛աշխատինք օրինական ճամբաներով պատիժի արժանացնելու այս հանրայայտ ու բացայայտ ոճիրին  պատասխանատուները:

Մենք պիտի չլռենք եղածին համար անշուշտ եւ ամէն գնով պիտի հետապնդենք եղածին պատասխանատուները, մինչ այդ կը մնայ մեր ազնիւ ընթերցողներուն ձգել պիտակաւորումը այն անձերուն, որոնք ուրիշին իրաւունքը, նիւթական զոհողութիւններն ու տարիներու ազգօգուտ տքնաջան աշխատանքը կը փորձեն իւրացնել…:

Կեցցէ՛ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը

Կեցցէ՛ ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼ-ը

 

Յարգանքներով՝

ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼ-ի Տնօրէնութիւն

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին