ՀՀ վարչապետ Կարէն Կարապետեանի մօտ, Հոկտեմբեր 4-ին, տեղի ունեցած աշխատանքային խորհրդակցութեան ժամանակ քննարկուած են կաշառակերութեան դէմ պայքարի ոլորտին մէջ միջազգային համագործակցութեան եւ Հայաստանի ստաձնած պարտաւորութիւններու կատարման ընթացքին վերաբերող հարցեր: Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն:
Վարչապետին զեկուցուած է Եւրոպայի խորհուրդի կաշառակերութեան դէմ պայքարի պետութիւններու խումբի (GRECO) 4-րդ փուլի յանձնարարականներու կատարման արդիւնքներուն մասին: Ներկայացուած է Տնտեսական համագործակցութեան եւ զարգացման կազմակերպութեան Սթամպուլեան կաշառակերութեան դէմ գործողութիւններու ծրագիրի գնահատման 3-րդ փուլի յանձնարարականներու եւ ԵՄ պիւտճէթային աջակցութեան ծրագիրի` կաշառակերութեան դէմ պայքարին վերաբերող քայլերու կատարման ընթացքը: Անդրադարձ եղած է նաեւ ՄԱԿ-ի Կաշառակերութեան դէմ համաձայնագիրի 2-րդ փուլի գնահատման ընդառաջ ՀՀ պարտաւորութիւններուն:
Կառավարութեան ղեկավարը յանձնարարած է շարունակել համակարգուած միջգերատեսչական աշխատանքները` կաշառակերութեան դէմ պայքարի ոլորտին մէջ միջազգային համագործակցութեան ծիրին մէջ ստանձնած պարտաւորութիւններու կատարման ուղղութեամբ: